Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութեան յատուկ խորհրդատու դոկտ. Պուսայնա Շաապան հանդիպում ունեցաւ Չինաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արեւմտեան Ասիոյ եւ Հիւսիսային Ափրիկէի վարչական տնօրէն Ուանկ Տիի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներու գործակցութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն շուրջ։ Կողմերը ներկայացուցին տարբեր ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը զարգացնելու առաջարկներ, զորս նախապէս ներկայացուցած էր Չինաստանի նախագահ Մի Ճին Պենկը՝ տարածաշրջանային ապահովութեան, մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման, տնտեսական բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ գօտի եւ ճանապարհ նախաձեռնութեան ի նպաստ։