Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին ըսած է, որ ռազմաճարտարարուեստական գործակցութեան ոլորտի մէջ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած գրեթէ բոլոր պայմանագիրները աւարտած են ժամանակին եւ բարձր որակով։
«Կնքուած գրեթէ բոլոր պայմանագիրները կա՛մ արդէն աւարտած են, ժամանակին եւ բարձր որակով, կա՛մ կը գտնուին իրականացման վերջնական փուլին», ըսած է Քոփիրքին՝ նկատելով՝ Մոսկուան եւ Երևանը քննարկած են նոր համաձայնագիրներու կնքման հարցեր։
Դեսպանը, միեւնոյն ատեն չէ հերքած՝ անհատական պայմանագիրներուն մէջ իսկապէս կան հարցեր ռուսական ձեռնարկութիւններուն առնչուած՝ պաշտպանութեան պետական պատուէրը կատարելու պարտաւորութիւններու հետ, սակայն անոնք, ինչպէս Քոփիրքին դիտել տուած է, որ աշխատանքային հարցեր են, որոնք կը լուծուին Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան գերատեսչութիւններու միջեւ երկխօսութեան միջոցով։
Երեւանը տակաւին չէ արձագանգած դեսպանի յայտարարութիւններուն։
Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս հաղորդած է, որ Մոսկուան վճարուած 400 մլն տոլարի շուրջ որեւէ զէնք Երեւանին տակաւին չէ մատակարարած։ Կողմերը յայտարարած են, որ պատրաստ են այդ հարցը լուծել գործընկերային մթնոլորտի մէջ։ Յատկապէս, Երեւանը սկսած է աշխոյժ գործակցութիւն Հնդկաստանի եւ Ֆրանսայի հետ պաշտպանական ոլորտի մէջ