ՄԱԿ-ի ընդհ․ ժողովը 158 պետութիւններու ներկայացուցիչներու քուէարկութեամբ վերահաստատեց իր նախկին որոշումը՝ «Պաղեստինի ժողովուրդին գերիշխանութիւնը պաղեստինեան հողերուն, ներառեալ արեւելեան Երուսաղէմի բնական հարստութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ սուրիացիներուն գերիշխանութիւնը Կոլանի բնական հարստութիւններուն վրայ»։ Քուէարկութեան չմասնակցեցաւ 13 պետութիւն։

Որոշումը կը շեշտէ նաեւ, որ Իսրայէլ իրաւասութիւն չունի Կոլանի եւ Պաղեստինի հողը, ջուրը եւ ընդերքի հարստութիւնը օգտագործելու։