ՀՅԴ Երեւանի «Ոստան» քաղաքային կոմիտէի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած է կոմիտէի աշխատանքներու ամփոփումի եւ յառաջիկայ ընելիքներու ծրագրումին նուիրուած խորհրդաժողով, որուն մասնակցած են նաեւ #ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները:
Նախաձեռնութեան ընթացքին քաղաքային կոմիտէի ընկերները ներկայացուցած են նախընթաց շրջանի գործունէութեան մասին հաշուետոըութիւն:
Նախաձեռնութիւնը մեկնարկած է Երեւանէն եւ Արցախէն 8 նորագիրներու երդման արարողութեամբ:
Երդումի կնքահայրեր Իշխան Սաղաթէլեան եւ Արթուր Մոսիյեան իրենց խօսքերուն մէջ յատկապէս կարեւոր համարած են պատմական այսպիսի բարդ եւ պատասխանատու ժամանակաշրջանին ՀՅԴ դերը եւ առաքելութիւնը, նոր ընկերներով շարքերը համալրելու եւ միասնական ջանքերով առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու անհրաժեշտութիւնը: