Միացեալ Նահանգներ Երուսաղէմի հայերուն հարցով դիմած է Իսրայէլի: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր` աւելցնելով. «Ինչպէս մենք բազմիցս յայտարարած ենք, մենք չենք ուզեր, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը ձեռնարկէ որեւէ քայլի, որ կրնայ սրել լարուածութիւնը»:

«Սակայն այս հարցին որոշակի պատասխան չկայ», նշած է Միլլըր: