Արժանթինցի իրաւաբան Լուիս Մորէնօ Օքամփօն, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ, Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազը (2003-2012), Հարուըրտի եւ Եէյլի համալսարաններու փրոֆեսոր եւ 1985 թուականին Արժանթինի խունթաներու դատավարութեան դատախազի տեղակալը պարգևատրուած է ՀՀ Երախտագիտութեան մետալով։ Պարգեւատրման արարողութիւնը տեղի ունեցած է 5 Յունուարին Արժանթինի Հայաստանի դեսպանատան մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէն Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան առնչութեամբ իր զեկոյցներուն մասին։
Արժանթինի ՀՀ դեսպան Յովհաննէս Վիրապեանի կողմէն կատարուած նախաձեռնութիւնը պաշտօնականացուած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէն Մորենօ Օքամփոյին պարգեւ յանձնելու տեսաուղերձով, ուր կը շեշտուէր «Հայաստանի եւ Արժանթինի եւ պաշտպանության ոլորտի մէջ բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար»։
Նախաձեռնութեան ներկայ էին նախկին դատաւոր Լեոն Գարլոս Արսլանեան, միջազգային յարաբերութիւններու փորձագէտ Խուան Գաբրիէլ Թոքաթլեան, Սոցինթերնի փոխնախագահ եւ Համաշխարհային ազգային խորհուրդի անդամ Մարիօ Նալպատեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Պրազիլի դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներ, պաշտօնատար անձինք։ Արժանթինի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան եւ IARA — Արժանթինի Հանրապետութեան հայկական հաստատութիւններու ղեկավարներ: