Սուրիոյ Խորհրդարանի նախագահ Համուտա Սապպաղ, Իրանի Իսլամական Շուրայի նախագահ Մուհամէտ Պաքէր Քալիպովի հրաւէրին ընդառաջելով, խորհրդարանական պաշտօնական պատուիրակութեամբ Թեհրան մեկնեցաւ՝ մասնակցելու իսլամական գործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու խորհուրդներու ընկերակցութեան Պաղեստինի յանձնախումբի արտակարգ ժողովին եւ ասիական խորհրդարանական միութեան Պաղեստինի յանձնախումբի առաջին նիստին։

Զոյգ ժողովներուն կը մասնակցի 60 պետութիւն՝ քննարկելու խորհրդարանական գործակցութեան ընթացքը եւ պաղեստինեան իրավիճակը, յատկապէս Կազզայի դէպքերը եւ Կազզայի ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած իսրայէլեան ոճիրները։

Ժողովներու ընթացքին լուաարձակի տակ, առնուեցան ասիական իսլամական պետութիւններու գործակցութիւնը, իսրայէլեան ոճիրներու շուտափոյթ դադրեցման միջոցներու որդեգրումն ու Կազզայի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան առաքումը։

Սապպաղ շեշտեց, որ զոյգ ժողովները հարկ է դրական եւ նպատակային արդիւնքներով եզրափակել, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ տալ Կազզայի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն, յատկապէս մանուկներուն եւ կիներուն նկատմամբ։