Սուրիա խստիւ դատապարտեց Եամանի կարգ մը քաղաքներուն վրայ ամերիկեան եւ բրիտանական օդային յարձակումները, որոնք Կարմիր ծովի շրջանի անվտանգութեան ու խաղաղութեան խախտում կը համարուին։

Այս առիթով Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, յայտնելով, որ Սուրիա այս յարձակումը միջազգային ընտանիքին ուշադրութիւնը Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած իսրայէլեան ոճիրներէն շեղելու ձախող փորձ կը համարէ՝ շեշտելով, որ յարձակող կողմերը Պաղեստինի ժողովուրդը կոտորածի ենթարկող Իսրայէլի գործակիցներն են։

Սուրիա ողջունեց արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ հարաւային Ափրիկէի Իսրայէլի դէմ յարուցած դատը՝ ցեղասպանութիւն գործելու յանցանքով պատիժի ենթարկելու զայն։