Թաւրիզի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւն կը բացուի: Իրան ստացած է որոշումին մասին հայկական կողմին հաստատումը:
Այս մասին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ միատեղ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիան։
«Թեհրանի համաձայնութիւնը յայտնեցինք Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւնը Թաւրիզի մէջ հիմնելու համար, եւ յոյսով ենք, որ նոր տարուան առաջին շաբաթներու ընթացքին իմ գործընկերոջ հետ Թաւրիզի մէջ ականատեսը կ՚ըլլանք գլխաւոր հիւպատոսութեան բացումին պաշտօնական արարողութեան», ըսաւ Հուսէյն Ամիր Ապտոլլահիան։