Ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս Հայաստանէն կը պահանջէ փոխել սահմանադրութիւնը: Այս անգամ այդ պահանջը ներկայացուած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէի բերնով:

Ատրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Հաճիզատէ յայտարարած է. «Հայաստանի Սահմանադրութեան եւ օրէնսդրական փաստաթուղթերուն արտացոլուած մեր տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յաւակնութիւնները պէտք է վերցուին»:

«Հայկական կողմը պէտք է հասկնայ, որ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ճամբան կ՛անցնի դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու հաստատման մէջէն` տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան յարգման հաստատման եւ Ատրպէյճանի հետ ուղիղ կառուցողական բանակցութիւններու հիման վրայ»: