Հայութեան ներկայութիւնը Լաթաքիոյ մէջ կուգայ պատմութեան խորքէն, հաւանաբար Տիգրան մեծի օրերէն:
Գտնուելով Երուսաղէմի ճամբուն վրայ եւ ունենալով եկեղեցի եւ հոգետուն՝ Լաթաքիան երկար տարիներ հանգստավայր հանդիսացած է հայ ուխտաւորներուն համար:
Քաղաքական եւ պատմական պայմաններու բերումով, Լաթաքիոյ մէջ հայութեան թուական պատկերը մշտական փոփոխութեան ենթարկուած է: Հայոց Ցեղասպանութենէն եւ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, մեծ աճ արձանագրած է այս թիւը, երբ տեղահանուած հայերը կայք հաստատած են ծովափնեայ այս շրջանը, որ հետզհետէ սկսած է ստանալ գաղութի կարգավիճակ: Այսպէս, 1922-ին ազգանուէր հայորդիներու ջանքերով, հիմնուած է Ս. Յակոբեանց Ազգ. Երկսեռ վարժարանը, որ հետագային կոչուած է Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարան. կը գտնուի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
Յաջորդաբար, Լաթաքիոյ մէջ հիմնուած են քաղաքական, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններ: Ուշագրաւ երեւոյթ է սակայն, որ Կիլիկիայէն կամ Արեւմտահայաստանի շրջաններէն գաղթած եւ Լաթաքիա հաստատուած հայերը չեն հիմնած հայրենակցական միութիւններ, իւրաքանչիւր շրջանէ հայրենակիցներու թիւին սահմանափակ ըլլալուն բերումով:
Ցեղասպանութենէն առաջ Լաթաքիա հաստատուած հայերուն մեծամասնութիւնը եղած է արաբախօս: Անոնց նկատելի մասը, ձուլուելով քրիստոնէական այլ համայնքներու մէջ, հետագային կորսնցուցած է իր ազգային ինքնութիւնը:
Ըստ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի տուեալներուն, 2012-ին, Սուրիոյ տագնապի սկզբնաւորութեան, Լաթաքիոյ հայ համայնքը կը հաշուէր մօտաւորապէս 435 ընտանիք: Պատերազմի օրերուն, պարզելով յարաբերական կայուն եւ ապահով իրավիճակ, Հալէպէն, Ռաքքայէն, Հոմսէն, Եագուպիէէն եւ Ճեզիրէէն մեծ թիւով հայ ընտանիքներ ապաստան գտան Լաթաքիա, նկատելի աճ արձանագրելով հայ ընտանիքներու թիւին, որ ըստ թաղական խորհուրդի տուեալներուն, հասած է մինչեւ 800 հայ ընտանիքի, ինչ որ առաւելագոյնը կը համարուի Լաթաքիոյ պատմութեան մէջ:
Շատ չանցած, կարգ մը ընտանիքներ, որոնելով աւելի ապահով եւ նիւթապէս աւելի նպաստաւոր պայմաններ, գաղթեցին դէպի Քանատա, Եւրոպա, Լիբանան եւ Հայաստան: Երկրաշարժէն ետք, Լաթաքիոյ մէջ տեղի ունեցած մարդահամարին տուեալներով, ներկայիս գաղութը կը հաշուէ 650 հայ ընտանիք, որոնցմէ 150-ը՝ նորագրեալ հայ ընտանիքներ: Վերջիններս ընդհանրապէս հեռու եղած են եկեղեցիէն եւ ընկերային կեանքէն, մեծամասնութեամբ՝ արաբախօս: Հարկ է յիշել, որ հայաստանեան հպատակութիւն ստացած մաս մը հայեր այդ հպատակութենէն օգտուելով արեւմտեան երկիրներ գաղթեցին:
Լաթաքիոյ հայ ընտանիքները ընդհանրապէս բազմազաւակ չեն: Ընտանիքներուն մեծ մասը կը բաղկանայ երեք կամ չորս անդամներէ, որոնց երիտասարդները, երբեմն նոյնիսկ համալսարանական զաւակները, ներկայիս լծուած են աշխատանքի, երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր տագնապը դիմակայելու համար: Յիշատակութեան արժանի է, թէ Լաթաքիոյ բնիկ հայերու կողքին, գաղութին մաս կը կազմեն շրջակայ գիւղերու՝ Արամոյի, Ղնեմիէի եւ Եագուպիէի հայերը, որոնց տարեց անդամները մինչ օրս արաբերէն կը խօսին: Սակայն քաջալերելի երեւոյթ է նոր սերունդին մօտ հայերէն լեզուի օգտագործումը, որուն մէջ հիմնական դեր ունեցած են տեղւոյն եկեղեցին, դպրոցը եւ գործող միութիւններն ու ակումբները:
Գաղութի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եղած է եւ կը շարունակէ մնալ հայկական աւանդութիւններու գոյատեւման գլխաւոր պահապանը, որուն օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ կը հաւաքուին գաղութի հայ զաւակները՝ միասնաբար տօնախմբելու ազգային եւ կրօնական աւանդական տօները:
Սուրիոյ հայկական փոքրաթիւ գաղութներէն մէկը ըլլալուն հետեւանքով, Լաթաքիոյ հայերը ընդհանրապէս լայնատարած շփում ունեցած են օտար շրջանակներու հետ, տեղի տալով օտար ամուսնութիւններու, որուն հիմնական պատճառներէն կը համարուի նաեւ գաղութի միակ հայկական վարժարանի մինչեւ 2003 թուական միջնակարգ եւ մինչ օրս երկրորդական կարգեր չունենալու պարագան, ինչ որ առիթ կ’ընծայէ հայ պատանիին դեռատի հասակէն ընկերային սերտ կապեր հաստատելու օտար համայնքներու իր տարեկիցներուն հետ եւ շատ անգամ զանոնք իբրեւ կողակից ընտրելու:
Գաղթի պատճառով, նշմարելի է գաղութէն ներս գործուն երիտասարդներու թիւի նուազումը, որուն զուգահեռ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ծանր տագնապը անհնարին կը դարձնեն ընկերային կեանքի բարւոքման գործընթացը: Համատարած մտահոգութիւն մը, որմով կը տագնապին սփիւռքեան գրեթէ բոլոր գաղութները:
Ճգնաժամային այս պահուն, Սփիւռքի գաղութներու պահպանումը եւ ուժեղացումը անկասկած կը պահանջեն ազգային ուժերու կեդրոնացած աշխատանք եւ համահայկական առումով ազգային ռազմավարութիւն, իրագործելու համար «Հզօր Սփիւռք-հզօր հայրենիք» կարգախօսը:
Երկրչփ. Թովմաս Վ. Մանճեան