Սուրիական պատերազմի ծանր տարիներուն, Լաթաքիան դարձաւ ապաստան Հալէպէն, Ռաքքայէն ու Եագուպիէէն փախուստ տուած հայերու: Հայ ընտանիքներու թիւը հասաւ մօտաւորապէս 800-ի: Իսկ այսօր չ’անցնիր 600-ը: Վերջին 15 տարիներուն ընտանիքի աշխատող անդամներուն թիւը հետզհետէ աւելցաւ: Այսօր ընտանիքի մը բոլոր անդամները, նոյնիսկ ուսանողները, ստիպուած են աշխատիլ՝ իրենց ապրուստը հոգալու համար:
Վերջին տարիներու տնտեսական ահաւոր վատ վիճակը պատճառ դարձաւ գաղթի, մանաւանդ կենցաղային վատ պայմանները մղեցին երիտասարդութիւնը լքելու շրջանը: Տնտեսական եւ կենցաղային վատ պայմանները իրենց բացասական անդրադարձը ունեցան նաեւ ազգային ու միութենական բնագաւառէն ներս, ուր մարդուժի ահաւոր բաց մը գոյացաւ:
Մինչ օրս շարունակուող կենցաղային ծանր պայմաններուն՝ ջուրի, ելեկտրականութեան, սղաճի բերումով, երիտասարդութեան նկատառելի մէկ մասը՝ արհեստաւոր թէ ուսեալ, կը նախընտրէ մեկնիլ Հայաստան կամ գաղթել արեւմտեան երկիրներ:
Օր ըստ օրէ գաղութի բնակչութեան պատկերը կը փոխուի, ընկերութեան մէջ յառաջացած տարիքի անդամներուն թիւը երեւելի կը դառնայ:
Լաթաքիահայութեան աշխատանքի ոլորտը կ’ընդգրկէ մեծ թիւով պետական կամ ազգային պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ մեծաթիւ արհեստաւորներ, փոքր վաճառատուներու սեփականատէրեր, որոնք նախքան պատերազմը բարեկեցիկ կեանք ունէին, սակայն այսօր տնտեսական ծանր պայմաններու մէջ կ’ապրին, ունեւոր ընտանիքներուն թիւը գաղութի բնակչութեան 5%-ը չ’անցնիր:
Տնտեսական տագնապի մէջ ապրող երիտասարդութիւնը ազգային կալուածներէն ներս կամաւոր ծառայութեան ոլորտ հրաւիրելը օրըստօրէ կը դժուարանայ, ազգային պաշտօնեաներուն թիւը կը նօսրանայ, որովհետեւ ամսականները չեն բաւարարեր զիրենք:
Օրուան հրամայականն է վերստին կազմակերպել Սփիւռքը, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը կառչի իր մշակոյթին ու աւանդութիւններուն, եկեղեցւոյ, միութիւններուն… սակայն այս բոլորը գերճիգերու կը կարօտին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ կեանքի դառն առօրեան ընկճած է բոլորս, յատկապէս միջինարեւելեան գաղութները:
Այս տուեալներուն լոյսին տակ կարեւոր կը համարուին գաղութի տնտեսական վիճակի բարելաւման ուղղուած ծրագիրները, իբրեւ վերկազմակերպման հիմնական քայլ, որպէսզի կարելի ըլլայ գործ հայթայթել երիտասարդութեան եւ անոր տնտեսական վիճակը մասամբ բարելաւել:
Երկրչփ. Վարուժ Պետիրեան