Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հարցազրոյց մը ունեցաւ ռուս թղթակից Վլատիմիր Սոլովիովի հետ։
Վերջինս Նախագահին տասը հարցում ուղղեց։

Հարցազրոյցին սկիզբը, ռուս թղթակիցը ըսաւ. «Հպարտութիւն կը զգամ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ գտնուելուս համար, Սուրիոյ պէս հզօր երկրի մը, որ պայքարելով բնորոշեց իր ճակատագիրը»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք նախագահ Ասատին պատասխաններէն քաղուած միտքեր։

«Երբ ազգային շահերուդ եւ սկզբունքներուդ կառչած կը մնաս, հաւանաբար կեցուածքիդ տուրքը բարձր կը վճարես, հաւանաբար մօտիկ ապագային կը տուժես ալ, սակայն հետագային, պայքարիդ մէջ, ազգային միասնութիւն կ՚ապահովես։ Պայմանները կրնան փոխուիլ եւ ժողովուրդիդ միասնականութեամբ, հայրենիքիդ կառչած կ՚իրականացնես ձգտումներդ, կը զարգացնես երկիրդ»։

Նախագահ Ասատ շեշտեց, որ արեւմուտքի քաղաքական համակարգը առուծախի համակարգ է, ոչ թէ միացեալ շահերու համակարգ, յայտնելով, որ այլ երկիրներու դէմ արեւմուտքին ի գործ դրած տնտեսական շրջափակումը, պատիժները կը նուազեցնեն ԱՄՆ տոլարին արժէքը, իսկ երկար ժամանակի վրայ՝ կ՚երաշխաւորեն մեր շահերը։

Նախագահ Ասատ յայտնեց, որ Ռուսիա այն պետութիւնն է, որմով ներկայիս ողջ աշխարհի ճակատագիրը կը սահմանուի։ Նախագահ Փութինին գոյացուցած որոշումներով՝ միջազգային հաւասարակշռութիւնը կը վերականգնի։

Պաղեստինեան իրավիճակին անդրադառնալով, նախագահը ըսաւ. «Եթէ խօսինք Կազզայի իրավիճակին մասին, պէտք է լաւ իմանանք, որ պայքարող պաղեստինցին օրինականօրէն չի ներկայացներ երկիր մը՝ որ կը պատերազմի այլ երկրի մը դէմ, ոչ ալ օտար ժողովուրդ մը՝ որ կը ձգտի այլ ժողովուրդի մը երկիրը, կամ յարակից երկրի մը տարածքը բռնագրաւել։ Ընդհակառակն. պաղեստինցին հողին տէ՛րն է, ի՛ր հողերը բռնագրաւուած են, ի՛ր դէմ ոճիրներ կ՚իրագործուին շուրջ 80 տարիէ ի վեր։ Ուստի կարելի չէ ներկայ իրավիճակին մասին խօսիլ առանց ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու։ Կարելի չէ Կազզայի մասին խօսիլ առանձնապէս, որովհետեւ ան պաղեստինեան հարցէն մաս մըն է։ Պաղեստինեան հարցին մէջ «Իսրայէլ» բռնատէր է, յարձակող է։ Ան պաղեստինցիներ կը սպանէ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն։ «Իսրայէլ» տարիներէ ի վեր պաղեստինցիներուն դէմ զէնքի ուժ կիրարկելուն նուազագոյն արդարացումն իսկ չունի, ի տարբերութիւն պաղեստինեան պարագային, որ ինքնապաշտպանութեան պարագայ է։ Պաղեստինցին ինքզինք կը պաշտպանէ, հետեւաբար ալ ունի՛ զէնքի ուժ օգտագործելու իրաւունք, որպէսզի պաշտպանէ իր զաւակներուն կեանքը, հակառակ անոր, որ պետութիւն չի ներկայացներ, այլ՝ մարտնչող քաղաքայիններու խումբ մը, որ զէնքի ուժ ձեռք բերած է Ազգային Դիմադրութեան միանալով։ Խումբ մը, որ ո՛չ պետութիւն ունի, ո՛չ բանակ։ Հետեւաբար կարելի չէ համեմատել իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերը ներկայ պայմաններուն մէջ»։

Նախագահ Ասատ պատասխանելով այն հարցումին, թէ եթէ պատժամիջոցը անձի մը, նախագահի մը դէմ կիրարկուած ըլլայ (այս պարագային՝ Ռուսիոյ նախագահին), ի՛նչ կ՚ըլլայ անոր իմաստը՝ ըսաւ. «Իրականութեան մէջ նման որոշումներ շատ մեծ նշանակութիւն չունին, հաւանաբար արեւմուտքի ժողովուրդին համար միայն «նշանակութիւն» կրնան ունենալ։ Արեւմուտքը պատմութեան ընթացքին հաւատացած է, թէ կեանքը պէտք է սկսի արեւմուտքէն, այսինքն արեւմուտքը թթուածինը կը մարմնաւորէ։ Եթէ արեւմուքը որոշէ քեզ որեւէ բանէ զրկել, ուրեմն իր տրամաբանութեամբ դուն ապրելու արժանի չես, պիտի վերանաս եւ աշխարհէն չքանաս։ Այսպէս կը տրամաբանէ արեւմուտքը։ Ան տակաւին չի գիտակցիր որ աշխարհը փոխուած է, եւ երբ նման որոշումներ կ՚առնէ, առաջին թիրախը կ՚ըլլայ արեւմուտքի քաղաքացին, որ վստահաբար տեղեակ ալ չէ աշխարհի ներկայ իրավիճակէն։ Արեւմուտքը կը կարծէ, որ Նախագահ Փութին պատիժի այս որոշումէն ետք տագնապի պիտի մատնուի։ Դժբախտաբար այս է արեւմուտքի տրամաբանութիւնը։ Հոս անշուշտ նկատի ունիմ արեւմուտքի քաղաքական գործիչները, ոչ թէ ժողովուրդը ինքնին»։