ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին Սուրիոյ քաղաքական եւ մարդկային իրավիճակին շուրջ քննարկման յատուկ նիստին, ՄԱԿ-ի մէջ Ալճերիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ամմար պըն Ճամեհ, Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ ափրիկեան պետութիւններուն անունով իր արտասանած խօսքին մէջ Ալճերիոյ մտահոգութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մարդկային եւ ապահովական վատ իրավիճակին սաստկացման շուրջ, շեշտելով, որ Սուրիոյ տագնապի լուծումին կարելի է հասնիլ միայն քաղաքական միջոցներով։
Ան շեշտեց, որ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն 1 տարի ետք, մարդկային իրավիճակը օր ըստ օրէ աւելի ցաւալի եւ բարդ կը դառնայ՝ տնտեսական տագնապին եւ տնտեսական միակողմանի պատժամիջոցներուն հետեւանքով։
Պըն Ճամեհ եզրափակելով ըսաւ, որ պէտք չէ մոռնանք Սուրիոյ կարեւոր դիրքը, աւելցնելով, որ ներկայ պայմանները կը պահանջեն տագնապի հետեւանքները կարգաւորելու փոխարէն անոր արմատական լուծումը գտնել, որովհետեւ Սուրիոյ ժողովուրդը արժանի է խաղաղութեան պայմաններու մէջ բարգաւաճ կեանք ապրելու։