Սրտի անհուն ուրախութեամբ կը յայտնենք, թէ Հինգշաբթի 14 Մարտ 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած Ազգային Կեդրոնական վարչութեանց Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստի աւարտին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Արքութեան տիտղոս շնորհեց՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոսին արժանանալուն առիթով եւ արեւշատութեամբ ու բարօրութեամբ լեցուն տարիներ կը մաղթէ իր հովուական նուիրական առաքելութեան մէջ։
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի