Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան հրաւէրով, Կիրակի, 17 Մարտ 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն «Զուարթնոց» եկեղեցւոյ մէջ ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական մեծարգոյ Թադէոս Թադէոսեանի, առաքինազարդ քոյրերու, քահանայ հայրերու, պատուելիներու, «Ս. Երրորդութիւն», «Ս. Փրկիչ» եւ «Ս. Խաչ» եկեղեցիներու ժողովրդապետութիւններու յանձնախումբերուն, ժողովուրդի զաւակներուն եւ հրաւիրեալներու:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեան: Ս. Պատարագի ձայնաւոր երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ «Ալեմշահ» երգչախումբը, խմբավարութեամբ՝ տիկ. Մարգարիտ Խաչատուրեան-Պանտաքի:
Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհիապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, յայտնեց, թէ այսօր Մեծ Պահքի 6-րդ Կիրակին՝ Գալստեան Կիրակին, նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Մուտն ի Վիրապ տօնը կը յիշատակենք, ինչպէս նաեւ գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կ’աղօթենք Բարեսիրական յանձնախումբին համար, յիշելով անոր նախկին գործողները եւ ներկայիս ծառայութեան լծուած անդամները եւ յաջողութիւն կը մաղթենք իրենց աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ:
Գերապայծառը յայտնեց, թէ մեզ համախմբող երկրորդ առիթը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի արտօնութեամբ եւ օրհնութեամբ եւ իր ձեռամբ վարդապետական աստիճանի տուչութիւնն է՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհնյ. Տատաղլեանին, որուն պիտի յանձնուի առանց զարդի վարդապետական գաւազան: Ան նշեց, թէ Այս տուչութիւնը գոյութիւն ունի Հայց. Եկեղեցւոյ աւանդութեան մէջ, ինչպէս Խրիմեան Հայրիկը, ուստի այս սովորութիւնը վերակենդանացնելով հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան մէջ, տարիներ առաջ սկսած են ընդունիլ ամուսնացեալ քահանաներու կարգաւոր վիճակը:
Ան ըսաւ, թէ Աւագ Քահանայ Հայրը վարդապետական աստիճան ստանալով այսօր պիտի ուխտէ կուսակրօնութիւն մինչեւ իր կեանքին վերջը: Ան աղօթեց Ամենակալին, որ սուրբ պահէ զինք իր կոչումին մէջ եւ Ս. Հոգիին շնորհքներով շնորհազարդէ: Ապա յատուկ արարողակարգով Գերապայծառը կատարեց վարդապետական աստիճանի տուչութիւնը եւ անոր առանց զարդի վարդապետական գաւազան յանձնեց: Ժողովուրդը հոգեկան ցնծութեամբ եւ ծափողջոյններով դիմաւորեց Աւագ Քահանայ Հօր վարդապետի աստիճան ստանալը:
Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան իր քարոզին մէջ հիմնուելով օրուան ճաշու Աւետարանին վրայ, դիտել տուաւ, որ Աստուած սիրեց մարդը եւ իր պատկերին համաձայն ստեղծեց զայն: Նոյնպէս Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս սիրեց մարդը, մինչեւ իսկ Իր փառքէն խոնարհեցաւ, երբ աշխարհ գալով մարդացաւ: Ան մաղթեց, որ մեր Տէրն ու Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս հրահրէ մեր մէջ աստուածային սէրը, փշրէ քարացած սրտերը, եղբայրասիրութիւն տարածէ եւ խաղաղութիւն հաստատէ Սուրիոյ եւ մեր հայրենիքին՝ Հայաստանի մէջ:
Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան Սուրբ Խորանին առջեւ կանգնած իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարք Տիրոջ եւ Գերապայծառին, մաղթելով, որ Ամենակալը երկար եւ քաջառողջ կեանք պարգեւէ իրենց: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բարշ. դոկտ. Սարգիս սրկ. Պուրունսուզեանին, որ Դամասկոսէն ժամանելով ներկայացուց Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի եւ Հայ Աւետարանական համայնքի համայնքապետերուն, շնորհաւորեց Գերշ. Տ. Մակար Ս. Արք. Աշգարեանին Արքութեան տիտղոս ստանալը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ հրաւիրեալներուն, յատկապէս յիշելով Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ բարի սամարացին՝ Բարեսիրական յանձնախումբը, որ մշտապէս օգնութեան ձեռք կ’երկարէ անկարին եւ կարօտեալին:
Պատարագի աւարտին, Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան ընդունեց ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները:
Այնուհետեւ, «Աղաճանեան» սրահէն ներս մտերմիկ հանդիպում տեղի ունեցաւ հրաւիրեալներուն հետ: Բացման խօսք ներկայացուց Բարեսիրական յանձնախումբի ատենապետ տիկ. Սիլվա Տարաքճեան:
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանին: Ապա, բարշ. դոկտ. Սարգիս սրկ. Պուրունսուզեան, Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց Թեմի Առաջնորդ Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի անունով Տիրամօր սրբանկարով յուշանուէր մը եւ Վատիկանէն բերուած վարդարան մը նուիրեց Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանին, իսկ իր եւ իր տիկնոջ կողմէ հայկական խաչ մը նուիրեց հայր սուրբին եւ Գերապայծառին:
Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան կրկին անգամ շնորհաւորեց Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանը վարդապետի աստիճան ստանալուն առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդականին իր ներակայութեան համար, շնորհաւորեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով եւ հրաւիրեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանը փոխանցելու իր սրտի խօսքը:
Վերապատուելին անդրադարձաւ հայ երեք համայնքապետերուն սերտ գործակցութեան, որ քոյր եկեղեցիներուն կողմէ կը դիտուի որպէս մէկ համայնք եւ մէկ եկեղեցի: Ան անդրադարձաւ Հոգշ. Տ. Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեանի Հայ Ծերանոցէն ներս 20 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան եւ սուրիահայութեան համար պատիւ համարեց իր վարդապետի աստիճան ստանալը: Ան աղօթեց, որ Ամենակալը հայր սուրբին աջը  բռնէ, առաւել զօրացնէ եւ հրաւիրեց ներկաները ծափողջոյններով կրկին անգամ շնորհաւորելու զինք:
Այնուհետեւ, կարկանդակի հատում տեղի ունեցաւ: Ալեմշահ երգչախումբը հոգեպարար կերպով հնչեցուց «Դու Ես Քահանայ Յաւիտեան»-ը: Ապա, ընթերցուեցան այս առիթով յղուած շնորհաւորագրերը:
Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան