Երիտասարդացնել, երիտասարդանալ…
Մշտնջենական երազը բոլորին, թէ՝ փոքրին, որպէսզի շուտով հասնի իր մուրազին, գեղեցկութեան երազին կամ ուրոյն անհատականութեան կերտումին, եւ թէ՝ մեծին, որ պահէ իր տարիքը ետին ու չմնայ կեանքի շուքին:
Երիտասարդացնել, երիտասարդանալ…
Նորագոյն երազը գաղութին՝ միութիւններուն, կազմակերպութիւններուն, ուսուցչաց կազմին, նոյնի՛սկ ազգային մարմիններուն:
Բայց թէ ինչպէ՛ս երիտասարդացնել առանց խորքը վնասելու…
Ինչպէ՞ս երիտասարդացնել տգէտը, անուսը, անբանն ու անհաւասարակշռուածը, կամ կրկի՞ն երիտասարդացնել ստախօսն ու ամբարտաւանը:
Եթէ պահ մը կանգ առնելով մտածենք, թէ ի՛նչ է երիտասարդութեան բուն իմաստը, շատ յստակ պիտի իմանանք, որ անիկա այլ բան չէ եթէ ոչ՝ իմաստազարդ ծերունիին, հաւասարակշռուած չափահասին, խոհեմ պատանիին եւ առոյգ մանուկին հանրագումարը:
Հետեւաբար երիտասարդութիւնը միայն տարիքով չ’որոշուիր. իմաստութիւնը կը գոյանայ ծերունիին փորձառութիւնը, չափահասին որոշումներ գոյացնելու կարողութիւնը եւ պատանիին աշխուժութիւնը մէկտեղելուն մէջ, ստեղծելու այնպիսի համահունչ ու խաղաղ ամբողջութիւն մը, որ անպայման կը յաջողի որեւէ յանձնառութիւն հասցնել իր կատարելագործուած լրումին:
Անի Մինասեան