Կեանքի հարթակիս
Եռուզեռին մէջ
Գունաւոր
Անգոյն
Ինչ բեմադրիչներ
Եկան ու անցան
Եւ ամէն մէկը
Ինծի դեր մը տուաւ
Եւ կաղապար մը
Ինծի համար գտաւ
Ինչքան փորձեցի
Դերի մէջ մտնել
Կաղապարի մէջ
Ինքզինքս գտնել
Նոյն արդիւնքն էր
Ես այդ դերերէն
Կաղապարներէն
Ոչինչ հասկցայ
Դերը սորվեցայ
Անոր տիրացայ
Բայց վարագոյրը
Երբ որ բացուեցաւ
Հարթակի վրայ
Դերս չսկսած
Շուտով վերջացաւ
Ես դերս մոռցայ
Բայց իրար չանցայ
Իմ փոխարէն
Յուշարարները
Իրարու անցան
Որովհետեւ ես
Յուշարարներն ալ
Անտեսած էի
Իսկ հանդիսատե՞ս
Հանդիսատեսը
Զիս այդքան սրտանց
Եւ ջերմ ընդունեց
Եւ սրտին սեղմեց
Որովհետեւ այդ
Հանդիսատեսն ալ
Իրեն վստահուած
Եւ նախատեսուած
Բազմաթիւ դերեր
Սորված
Մարսած էր
Վերջն ալ
Մերժած էր
Հիմա նոր անդեր
Դերասանի մը
Ծնունդի ծէսին
Ներկայացած էր
Եւ ես այդպէս ալ
Բազմաթիւ դերեր
Անխոնջ սորվեցայ
Այդ առօրեայով
Երկար տարուեցայ
Իրմով ապրեցայ
Դերերու միջոցով
Ես ուրախացայ
Խորապէս տխրեցայ
Մէկ-մէկ հիացայ
Խորքէն զզուեցայ
Հիասթափուեցայ
Սակայն դերասան
Երբեք չդարձայ…
Յակոբ Նալպանտ-Տլտլեան