ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Արի Արենոյշ եւ Գայլ Արծուիկ միաւորները Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին նուիրուած գիշերային գործունէութիւն մը ունեցան «Տիգրանեան» պարտէզէն ներս:

Գործունէութիւնը սկսաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով, ապա տեղի ունեցաւ խումբերու բաժանում՝ հայ մտաւորականներու եւ Նեմեսիսի գործունէութեան մասնակից հերոսներու անուններով։

Գործունէութեան ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ դասախօսութիւնները.
-«Հայոց Ցեղասպանութիւն», դասախօս՝ Լիւսի Կրպոյեան,

– «Պատմական Հայաստան», դասախօս՝ Աննա Գազէզեան,
-«Անմոռուկ Ծաղիկը Որպէս Խորհրդանիշ», դասախօս՝ Միրէյ Չաղլասեան։

Մասնակիցները սորվեցան ազգային երգեր, պատրաստեցին պատի թերթեր, ապա տեղի ունեցան հարց-պատասխանի մրցում եւ մարզական խաղեր։

Առաւօտուն մասնակիցները քայլարշաւով ուղղուեցան Ազգ. գերեզմանատուն, ուր ապրիլեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց յոտընկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, ապա խունկ եւ մոմ վառեցին ու աղօթք բարձրացուցին անոնց հոգիներուն համար։

Աւարտին մասնաճիւղի խմբապետ Յովիկ Հապէշեան օրուան խորհուրդը յայտնեց, սկաուտները հրաւիրելով պահանջատիրութեան ոգիով հասակ առնելու եւ բարձր գիտակցութեամբ տէր դառնալու իրենց ազգութեան, մայրենի լեզուին ու մշակոյթին։ Ան դիտել տուաւ, ոդ 1915-ի թուրքը այսօր եւս նոյնն է, նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ, հետեւաբար միասնական ոգիով պէտք է տէր կանգնինք մեր դատին, մինչեւ վերատիրացումը մեր իրաւունքներուն եւ հողին։

Գործունէութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։