«ՀՄԸՄ-ը Կազմակերպութիւն ըլլալէ առաջ ոգի մըն է, մարդկային եւ ազգային առողջ ու հարազատ ապրումներու քուրա մը, որուն մէջէն անցնող երիտասարդն ու երիտասարդուհին կը զգենուն ճշմարիտ մարդու եւ վաւերական հայու իսկատիպ կերպարը»։
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս

Ուրբաթ, 19 Ապրիլ 2024 ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտի եւ Մոկլիի օրուան հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի, Պատկան մարմինի ներկայացուցիչներու, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ.Վարչութեան նեդկայացուցիչին, Ս. Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Տնօրէնութեան, Լաթաքիոյ ազգային եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներուն։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներով:
Բացման խօսք արտասանեց Յովսէփ Ճերմակեան անդրադառնալով սկաուտական խումբերու առաջին երթին, որ խթան հանդիսացաւ Հայ պատանիին ու երիտասարդին ու կերտեց զիրենք որպէս հայ ապա սկաուտ։ Հայ սկաուտին կեանքին մէջ յատուկ տեղ գրաւեց «Հայ Սկաուտի Օր»-ը , որ ոչ միայն ուրախութեան օր դարձաւ, այլեւ սկաուտական դաւանանքին ու խոստումին հաւատարիմ մնալու եւ ուխտի վերանորոգման օր։
Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի սերուդները ամբողջ դար մը առանց շեղելու, հաստատուն քայլերով կը շարունակեն իրենց երթը, իսկ ՀՄԸՄ-ը վստահութիւն, յարգանք եւ սէր կը ներշչէ իւրաքանչիւր հայորդիի։ Ան սոսկ մարմնամարզական միութիւն չէ, այլեւ դպրոց մը հայակերտումի, ուր հասակ կ՚առնեն նուիրեալ հայ երիտասարդներ։

Եզրափակելով ան ըսաւ. «Եկէ՛ ք միասնաբար իմաստաւորենք «Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր» նշանաբանը՝ յանուն մեր նորահաս սերունդներուն հայակերտումին։

Կարմիր եւ կապոյտ խումբերու գայլիկները ներկայացուցին չափական մարզանք, Մոկլիի խումբը՝ հայկական պար, Ա . կարգի արի-Աարենուշները՝ ասմունք «Քառասնամեակ», խումբ մը արի-արենուշներ՝ բուրգ, «Վագր» խումբը՝ չափական մարզանք, խունբ մը արի-արենուշներ եւ Գայլ միաւորի քոյրեր՝ հայկական պար։
Ապա կազմի խմբապետ Հուրի Մուսա բեմ հրաւիրեց Արի Արենուշներ եւ Գայլ միաւորի քոյրեր վարչութեան ատենապետ Յովհաննէս Պարուչին եւ Սկաուտ Խորհուրդի ատենապետ Ցոլին Գաստիկեան-Պալեանը, որպէսզի վկայականաց բաշխումը եւ երդման արարողութիւնը հովանաւորեն։
Նորընծայ կարգ ստացան 7 քոյրեր եւ եղբայրներ։
Նորագիր ստացան 7 քոյրեր եւ եղբայրներ։
Բ. կարգի աստիճան, առաջնորդ 1 եղբայր։
Ա. կարգի աստիճան ստացան 6 քոյրեր եւ եղբայրներ։

Աւարտին Հուրի Մուսա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ փակեց օրուան հանդիսութիւնը։

Նայիրի Կարապետեան