Ռուս խաղաղապահ գրեթէ ամբողջ զօրակազմը լքած է բռնագրաւեալ Արցախը, իսկ մնացած մասը զայն պիտի լքէ մինչեւ մայիսի վերջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան աղբիւրը:

Կ՛արձանագրուի նաեւ, որ խաղաղապահներուն ամբողջ սպառազինութիւնը, ներառեալ 90 զրահապատ մեքենայ եւ 380 այլ փոխադրամիջոց, արդէն դուրս եկած է տարածքէն: