ԱՄՆ քոնկրէսական Ճուտի Չուն յայտարարած է, որ կը շարունակէ աշխատիլ Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի գործընկերներուն հետ, որպէսզի Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկուի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելու եւ աններելի յարձակում գործելու համար։
Այս մասին ան յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Լեռնային Ղարաբաղին նուիրուած՝ «Արդարութիւն Յանուն Ցեղասպանութեան» խորագիրով նախաձեռնութեան ընթացքին։

«Ատրպէյճան ցեղային զտումներ իրականացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար հայերուն նկատմամբ: Ես անձամբ Արցախ այցելելու պատիւը ունեցած եմ։ Ես տեսած եմ այնպիսի բնիկ ժողովուրդը՝ ծաղկուն համայնքով, եւ ինծի այնքան ցաւ կը պատճառէ մտածելը, որ զիրենք վտարած են այնտեղէն, իսկ շատեր բանտարկուած են: Մենք պէտք է ընենք մեր կարելին: Ահա թէ ինչո՛ւ ես կը շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի գործընկերներուն հետ Ատրպէյճանը այս աններելի յարձակումին համար պատասխանատուութեան ենթարկելու համար», յայտնած է Չու։