Մայիս Մէկին դարձեալ կը յիշենք մարդու աշխատանքի ազատագրութեան մեծ շարժումը եւ աշխատաւորական իրաւունքներու պաշտպանութեան քաղաքական պայքարը, որմէ դար մը եւ քառորդ ժամանակաշրջան ետք տակաւին կը յամենայ աշխատաւորի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը շարք մը երկիրներու մէջ։
Եթէ որոշ երկիրներու մէջ կը պաշտպանուին անոնց իրաւունքները, շահագործումի երեւոյթները կը փոխուին, նոյնիսկ ժողովրդավարութեան ջատագով կարգ մը երկիրներու մէջ աշխատաւոր խաւը քաղաքական պայքարի գերի դարձնելու երեւոյթներ ի յայտ կու գան։ Նման պարագաներու մէջ պաշտօնէութիւնը կը ստիպուի իշխանութեան քաղաքականութեան կողմնակիցը ըլլալ՝ նոյնիսկ իր անհամաձայնութեան պարագային, պարզապէս աշխատանքը չկորսնցնելու համար։
Շարք մը երկիրներու մէջ իշխանութիւններու փոփոխութեան հետ ականատեսը կ’ըլլանք յատկապէս պետական հաստատութիւններու պաշտօնէութեան փոփոխութեան այնպիսի եղանակի մը, որ ուղղակի խախտում կը համարուի ոչ միայն աշխատաւորի, այլեւ ընդհանրապէս մարդու իրաւունքներու։
Միւս կողմէ պատերազմ ապրող երկիրներուն մէջ աշխատաւորներու իրաւունքները, զուգահեռաբար մարդկային իրաւունքներուն, զգալիօրէն կը տուժեն, որովհետեւ պատերազմի ենթակայ երկրին տնտեսութիւնը փուլ կու գայ, անոր հետ փուլ կու գան մարդկային իրաւունքներ, ընկերային վիճակներ եւ այլն։ Նման պարագաներու աշխատանքն ու աշխատուժն են պատերազմէ դուրս եկած ու վերականգնումի ուղի մտած երկրի վերածաղկումին գլխաւոր գրաւականները, իսկ աշխատուժը պահելու եւ զայն գաղթի ալիքին ենթակայ չդարձնելու համար աշխատաւոր խաւին իրաւունքներու պաշտպանութիւնը նման պետութիւններու օրակարգային հարցը պէտք է դարձնել ու լուծումները չուշացնել։
Աշխատող խաւն է պետութեան նեցուկ կանգնողը, երկրի վերականգնումի ծրագիրները կեանքի կոչողը, տնտեսութեան բարելաւման նպաստողը, եթէ չշահագործուի ու իր արդար իրաւունքներուն արժանանայ։
Գաղթի տուն տուող պատճառներուն հիմնականը մարդկային եւ յատկապէս աշխատաւոր խաւին իրաւունքներու հարցն է։ Գաղթի ճամբան բռնողներ ապահովութեան  փնտռտուքի կողքին կը ցանկան ուղղուիլ այնպիսի երկիրներ, ուր պաշտպանուած պիտի ըլլան իրենց իրաւունքները, ուր պիտի աշխատին օրէնքով սահմանուած ժամերով, վարձատրուին իրենց կենսամակարդակի պահպանման համապատասխան գումարով, իսկ աշխատանքի ընթացքին պիտի վայելեն իրենց մարդկային բոլոր իրաւունքները։
Հայկական մեր իրականութեան մէջ աշխատաւորներու իրաւունքին պաշտպանութիւնը մաս կազմած է մեր ազգային ազատագրութեան պայքարի հոլովոյթին, չէ անջատուած անկէ, որովհետեւ ազատագրումը ոչ միայն հողի ազատագրումն է, այլեւ մարդու ազատագրումը՝ իր երկիրը բռնագրաւող, ասպատակող ուժէն, իր մարդկային իրաւունքները կաշկանդող դրամատէրերէն ու իր աշխատաւորի իրաւունքները սահմանափակող յետամնաց վարչակարգերէն։