Հայոց Ցեղասպանութենէն անցած են 109 տարիներ, սակայն համայն հայութիւնը կը շարունակէ յիշել ու պահանջել արդարութիւնը, նուաճած ըլլալով մէկտեղ ճանաչումի բարդ ու դժուար ուղին։
Ճանաչումին ուղին բարդ էր ու քաղաքական, դիւանագիտական մասնագիտական աշխատանքի կը կարօտէր։ Այդ փուլը նուաճեց մեր ժողովուրդը, Սփիւռք- հայրենիք համադրուած քաղաքականութեամբ, առանց մէկը միւսին տարած աշխատանքն ու ապահովութիւնը վտանգելու, առանց մեր սերունդներու իրաւունքը քաղաքական եւ պետական հաշիւներու մէջ զոհելու։ Սակայն ցեղասպանը անպատիժ մնաց, ցաւօք քաղաքական իրադրութիւններն ու պետութիւններու բարդ հաշիւները ցարդ չեն հասած Ցեղասպանութեան համար պատժելու եւ հատուցել տալու Թուրքիան, սակայն այս իրողութիւնը չի նշանակեր որ այդ օրը մեզի յաջորդող սերունդները պիտի չտեսնեն։
Պատիժը յանուն վրէժխնդրութեա՞ն կը պահանջենք, յանուն արդարութեա՞ն։ Պատիժը առաւելաբար ցեղասպանութիւնները ողջ մարդկութեան կեանքէն վերացնելու եւ արդարութեան հաստատման համար կը պահանջենք. արդարութիւն, որուն կը հաւատանք, թէ կրնանք հասնիլ եթէ չթերագնահատենք մեր ամէնէն փոքր քայլերն անգամ ու պարտութիւնները պատմութիւնը մեր իսկ ձեռքով ուրանալու ծուղակին առջեւ չկանգնեցնեն մեզ։
Աշխարհաքաղաքական զարգացումները ի նպաստ Թուրքիոյ զարգացան, Հայաստանն ու Արցախը ծանր կացութեան մատնուեցան, ինչ որ առիթը լայն բացաւ Թուրքիոյ դիմաց Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար ոչ միայն իր բոլոր նախապայմանները յառաջ մղելու, այլեւ Ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութիւնը ուղղելու դէպի հայաստանեան դաշտ։
Այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու վարչապետ Փաշինեանի առած քայլին պարագային։
Այս անգամ  Ցեղասպանութեան փոխարէն Հայաստանի պետական բարձրագոյն դիրքէն կը հնչէ Մեծ Եղեռն եզրոյթը, Ազգային ժողովի անդամէ մը կը հնչեցնէ մեր սրբադասուած նահատակներու թիւին մասին կասկածներ, մէկուկէս միլիոն նահատակներու անունները արձանագրելու անհրաժեշտութիւն կը զգայ՝ ինք իսկ հաւատալու մեր ազգային ողբերգութեան իրողութեան… Դար մը ամբողջ հայրենիք-Սփիւռք համախոհութեամբ ձեռք բերուած նուազագոյն իրաւաքաղաքական հաստատումներն անգամ կասկածի տակ թաղելու անհաւատալի նշաններ կ’երեւին, հաւանաբար հանրութեան բազկերակը փորձելու ուրացման քաղաքականութեան իւրացման ցաւոտ իրողութեան նկատմամբ։
Դար մը ամբողջ հայրենի պետութիւնն ու Սփիւռքը ենթարկուած են բազում դժուարութիւններու, գոյութեան սպառնալիքներու, սակայն երբեք չեն ուրացած պատմութիւնն ու ողբերգութիւնը՝ նոյնիսկ խորհրդային միութեան տարիներուն. աւելին. մեր իրաւունքները ամենաճիշդ ուղիներով աստիճանաբար վերականգնելու ճամբաները չեն հրկիզած առողջ յարաբերութիւններու պատրուակով։
Զգաստ ըլլալը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, որ կը դիմագրաւենք այս օրերուն, որովհետեւ քաջ գիտենք, թէ թուրքեւատրպէյճանական ախորժակները ո՛չ կը կանգնին Արցախի բռնագրաւումով, ոչ ալ Հայաստանի հետ նախապայմաններու յառաջ մղումով բարիդրացիական յարաբերութիւններու մեկնարկով։ Թիրախը մեր գոյութիւնն է ընդհանրապէս, յանուն Մեծն Թուրանի իրականացման։
Աշխարհաքաղաքական պայմանները կրնան փոխուիլ, հետեւաբար խոհեմութիւն չէ կուլ տալ թրքական թէզերը ու չտեսնել Մեծն Թուրանի իրականացման ձգտողներուն նկրտումները։
Ողջունելի է մեր ժողովուրդը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առիթով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ
ոգեկոչեց սրբադասուած նահատակները, վեր առաւ մեզ սպառնացող վտանգները եւ հաստատեց մեր դատին անժամանցելիութիւնը, յիշելու եւ պահանջելու իր վճռակամութիւնը։
Մեր սերունդները օրուան տագնապներուն իրազեկ դարձնելու, քաղաքական դաշտ ուղղելու, մեր պատմութիւնը
անոնց  լաւապէս փոխանցելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք որպէս դաստիարակներ, կրթական մշակներ, հրապարակախօսներ թէ քաղաքական կուսակցութիւններ, որպէսզի յիշողութիւնը ջնջելու թրքական ծուղակին մէջ չիյնան անոնք եւ առողջ գիտակցութեամբ, մասնագիտական պատրաստուածութեամբ դառնան մեր ապագայ վստահելի ղեկավարները, մեր իրաւունքներու իրազեկ եւ պաշտպան տարրերը։