«Փաստ» ՀՅԴ աղբիւր մը վկայակոչելով կը հաղորդէ, որ Հայ Յե­ղափոխական Դաշնակցութիւնը աշխոյժ քաղաքական խորհրդակցութիւններէն յետոյ, պիտի նախաձեռնէ հանրային լայն քննարկումներու, որոնք  տեղի պիտի ունենան մարզերուն մէջ:

Նախատե­սուած է նաեւ քաղաքական լուրջ խորհրդաժողովներ կազմակերպել Ծաղկաձորի, Ջերմուկի եւ Դիլիջանի մէջ, որոնց պիտի հրաւիրուին փորձագիտական ոլորտի ներկայացուցիչներ ու նեղ ոլորտային մասնագէտներ (քաղաքագէտներ, իրաւաբաններ, տնտեսագէտներ, ընկերաբաններ, մամուլի փորձագէտներ, Տեղակատուական Ճարտարագիտական ոլոր­տի ներկայացուցիչներ եւ այլն), որպէսզի վերլուծեն եւ գնահա­տականներ տան ՀՀ-ի մէջ ընթացող զարգացումներու մասին:

Տեղեկութիւններուն համաձայն, այսպիսի գործուն քննար­կումներէն ետք կուսակցութիւնը հանդէս պիտի գայ բովանդա­կային յայտարարութեամբ: