«Արմէնփրէս».-Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Վրաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Դաւիթ Զալկալիան 24 Յուլիսին տեղի ունեցած հանդիպումին փոխանակած են իրենց մօտեցումները եւ տեսակէտները այլազան հարցերու շուրջ, որոնք կը վերաբերին տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը տարածաշրջանին մէջ առկայ հակամարտութիւններու լուծման համար անպայման խաղաղ ճամբէն ընթանալու, շեշտելով որ իւրաքանչիւր հակամարտութիւն ունի իր իւրայատկութիւնները եւ բանակցային շրջանակը, որուն մէջ տեղի պիտի ունենայ խաղաղ կարգաւորում: ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, Զոհրապ Մնացականեան այս տեղեկութիւնները յայտնած է իր վրացի գործընկերոջ հետ հանդիպումէն վերջ մամուլի համար յայտարարութեամբ հանդէս գալով:

Ան իր խորին շնորհակալութիւնը  յայտնած է գործընկերոջը` Դաւիթ Զալկալիանին , եւ յայտնած, որ մէկ տարուան ընթացքին ունեցած են տեսակցելու եւ հարցեր քննարկելու զանազան առիթներ:

Ան շատ էական  համարած է գործակցութեան միջխորհրդարանական հարթակը: