«Ապառաժ».-24 Յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովէն ներս տեղի ունեցած է «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան խումբի անդամներուն հանդիպումը` Դաւիթ Իշխանեանի նախագահութեամբ:

Նիստին բացումին, «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան խումբի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ներկաները նախ շնորհաւորած է անցած տօներուն առիթով:

Այնուհետեւ ներկայացուցած է հանդիպումին նպատակը, որ կը կրէր երկու հանգամանք: «26 Յունուարին Աւստրալիոյ ազգային տօնն է` պետականութեան օրը: Երկրորդ հանգամանքը վերջին շրջանին Աւստալիոյ մէջ տեղի ունեցող բնական աղէտն է: Մեր երկրի իւրաքանչիւր քաղաքացի ցաւով կը հետեւէր այդ աղէտին: Խորհրդակցելով բարեկամական խումբի անդամներուն հետ, ծրագրած ենք մեր զօրակցութիւնը եւ ցաւակցութիւնը մեր բարեկամներուն միջոցով փոխանցել Աւստրալիոյ ժողովուրդին», յայտնած է Դաւիթ Իշխանեան:
Ներկաներու կողմէն կազմուած է «Աւստալիա-Արցախ» բարեկամութեան խումբին ուղղուած նամակը, որուն բնաբանը հետեւեալը կ’արտայայտէ.
«Արցախ կատարած վերջին այցի ընթացքին, մեր լաւ ընկեր Ճոն Ալեքսանդրը մեզ ներկայացուց աւստրալիական գործընկերութեան հայեցակարգը: Մենք գնահատեցինք եւ ընդունեցինք զայն, եւ հիմա Արցախի բոլոր աւստրալիացի բարեկամները մեր գործընկերները կը համարենք:
Ձեզի կը յղենք մեր սրտագին շնորհաւորանքը Աւստրալիայի ազգային տօնին առիթով:
Աւստրալիան եւ աւստրալիացիները հպարտանալու բազում առիթներ ունին. նախ` ամուր ժողովրդավարութիւնը, ցեղային, կրօնական բազմազանութիւնը, իւրաքանչիւր քաղաքացիի ընձեռնուող ազատութիւնները եւ արդարութեան հաստատումը:
Արցախի ժողովուրդը Աւստրալիան միշտ համարած է այն օրինակելի երկիրը, որուն ժողովրդավարութեան ուղիին հասնիլ կը ձգտի իւրաքանչիւր երիտասարդ պետութիւն: 1991 թ. անկախութեան հռչակումէն ի վեր մենք ջանք չենք խնայեր մեր երկրին մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններ ստեղծելու համար:
2020 թուականը Արցախի համար կարեւոր տարի պիտի դառնայ, քանի որ 31 Մարտին տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շնորհիւ մենք ալ աւելի կ’ամրապնդենք մեր երկրում ժողովրդավարութիւնը` ապահովելով ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:
Ընդունեցէք նաեւ մեր խորին ցաւակցութիւնը վերջին շրջանին Աւստրալիայի մէջ կործանարար հրդեհներուն եւ միւս բնական աղէտներուն հետեւանքով մարդկային զոհերուն եւ նիւթական վնասներուն համար: Վստահ եղէք, որ մենք մշտապէս կ՚աղօթենք Աստուծոյ` խնդրելով Անոր օգնութիւնն ու մխիթարութիւնը աղէտներէն տուժածներուն»:
Յիշեցնենք, որ «Արցախ-Աւստրալիա» բարեկամութեան խումբը կազմուած է 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, 1 Օգոստոսին Աւստրալիոյ մէջ ստեղծուած «Արցախի Աւստրալիացի Բարեկամներ» խումբին հետ յարաբերութիւններ հաստատելու եւ զարգացնելու նպատակով: