Երկուշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2020-ին, Սուրիոյ մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ 2020-2021 ուսումնական տարուան վերամուտին։
Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ, ներառեալ Իտլիպի, 3․735․521 աշակերտ-աշակերտուհի ուղղուեցաւ 13․280 դպրոց, Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան որոշումին եւ պսակաձեւ ժահրի համավարակէն նախազգուշանալու համար բոլոր դպրոցներուն հականեխումին եւ առողջապահական անհրաժեշտ քայլերուն որդեգրումէն ետք։
Յիշենք, որ հայկական դպրոցներուն վերամուտը կը սկսի վաղը՝ նկատի ունենալով Խաչվերացի տօնին առիթով այսօրուան արձակուրդը։
Բարի վերամուտ եւ ուսումնական առողջ կեանք կը մաղթենք բոլորին։