«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 12 Սեպտեմբերին  Մարտունի շրջանի Ջիւանի համայնքի դպրոցական շէնքի վերաբացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է:

Դպրոցական հին շէնքը ամբողջութեամբ վերանորոգուած, վերակառուցուած եւ համակարգչային դասարանով ու մարզագոյքով կահաւորուած է «Ապագայ Սերունդներու» հիմնադրամի կողմէն:

Երկրին ղեկավարը ծանօթացած է կատարուած աշխատանքներուն, հետաքրքրուած է ուսումնական գործընթացի մեկնարկով: Նախագահ Յարութիւնեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող բարեգործական ծրագիրներու հեղինակներուն` յայտնելով, որ նման նախաձեռնութիւնները մեծապէս կ’օգնեն պետութեան ստանձնած պարտաւորութիւններուն` առաջանցիկ կշռոյթով իրագործման:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին բարերար, ԱՀ պետական խորհրդական Գրիգորի Գաբրիէլեանց, կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Խորհրդարանի պատգամաւորներ, շրջանային վարչակազմի պատասխանատուներ: