«Արմէնփրէս».- ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` պատասխանելով «Ինեթրֆաքս»-ի հարցումներուն յայտնեց, որ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ուղղուած էր հրադադար հաստատելու եւ Արցախ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելու, չ’արձանագրեր որեւէ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակին գծով:
«Ի․»-Ատրպէյճանի ԱԳՆն յայտարարութիւն տարածեց, որ ՀՀ ԱԳ նախարարի այցելութիւնը Արցախ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները կը խախտէ: ի՞նչ պարտաւորութիւններու մասին է խօսքը:
Ա․Ն․- Այդ պնդումները ամբողջովին սին եւ հիմնազուրկ են: 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը որեւէ սահմանափակում չի մտցներ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ տարբեր մակարդակներով կապեր հաստատելու համար: 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ուղղուած էր հրադադար հաստատելուն եւ Արցախ ռուս խաղաղապահներ տեղակայելուն, չ’արձանագրեր որեւէ համաձայնութիւն Արցախի կարգավիճակին համար: եւ այդ տեսակէտէն բոլոր պնդումները, որ Արցախի կարգավիճակին համար տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ, իրականութեան չեն համապատասխաներ:
Արցախի կարգավիճակը պէտք է որոշուի խաղաղ գործընթացի հետեւանքով` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու կողմէն առաջարկուած սկզբունքներու, ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքին հիման վրայ:
«Ի․»- Հայկական կողմը ինչպէ՞ս կ’արժեւորէ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան կատարման ընթացքը Ատրպէյճանի կողմէն:
Ա․Ն․-9 Նոյեմբերի յայտարարութեան պարագային դադրեցան լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները, եւ Արցախի մէջ տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահներ: Միեւնոյն ժամանակ ատրպէյճանական կողմը խախտած է եւ կը շարունակէ խախտել եռակողմ յայտարարութեան շարք մը առանցքային դրոյթներ:
Այսպէս` եռակողմ յայտարարութեան առաջին կէտին համաձայն կողմերը պէտք է կանգ առնեն 10 Նոյեմբերի դրութեամբ իրենց կողմէն գրաւուած դիրքերէն եւ աւարտեն ռազմական գործողութիւնները: Սակայն ատրպէյճանական կողմը հրադադարի հաստատումէն աւելի քան մէկ ամիս վերջ ռազմական գործողութիւններ իրականացուցած է Արցախի Հադրութի շրջանի Հին Թաղեր եւ Խծաբերդ բնակավայրերու ուղղութեամբ` պատճառելով մարդկային կորուստներ եւ գերեվարելով տեղւոյն գտնուող հայ զինուորական ծառայողները: ՀՀ ԱԳՆ-ն անդրադարձած է յայտարարութեան այդ կոպիտ խախտումին իր 13 Դեկտեմբերի յայտարարութեամբ:
Ատրպէյճանական կողմը մինչ օրս ամբողջովին չի կատարեր եռակողմ յայտարարութեան 8-րդ կէտը, որուն համաձայն պէտք է տեղի ունենայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու փոխանակում: Ուստի ազատ չեն արձակուած հայ ռազմագերիներն ու պատանդի կարգավիճակով յայտնուած անձեր: Աւելին, ատրպէյճանական կողմը քրէական գործեր կը կատարէ հայ ռազմագերիներուն հանդէպ եւ ամենաբարձր մակարդակով անոնց կը ներկայացնէ իբրեւ ահաբեկիչներ` փորձելով խոչընդոտել 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ամբողջական կատարումը:
Ատրպէյճանական կողմէն 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան խախտումներու դադրեցումը անհրաժեշտ է եռակողմ յայտարարութեան լիարժէք իրականացումին համար: