Արմէնփրէս-ի հաղորդումով , ԹԱՍՍ գործակալութեան տեղեկացումով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած  հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Ֆրանսան հանդէս եկած է ի շահ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորման ուղիներու որոնումին:

«Մաքրոն յայտնած է իր վճռականութիւնը` հասնելու երկարաժամկէտ քաղաքական լուծման (ղարաբաղեան հանգոյցի հարցին մէջ) 9 Նոյեմբերին հրադադարի մասին համաձայնագրէն վերջ», ըսած  է Ելիսէեան պալատի ներկայացուցիչը:

Անոր խօսքին համաձայն, զրոյցի ընթացքին նախագահը տեղեկացուցած է «Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու գերիները ազատ արձակելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման»: