«Երկիր Մետիա».-Մարտական գործողութիւններու Ճապրայիլի հատուածին մէջ իրականացուած որոնողական աշխատանքներուն հետեւանքով յայտնաբերուած է 3 զինծառայողի աճիւն եւս: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Յունան Թադէոսեան:
«Զինուորական ծառայողներու աճիւնները յայտնաբերուած են Ճապրայիլի մարտական դիրքերուն մէջ: Առայսօր որոնողական աշխատանքներու շնորհիւ մարտական գործողութիւններու վայրերէն յայտնաբերուած եւ դուրս բերուած է ընդհանուր առումով 1197 զինուորական ծառայողի եւ քաղաքացիական անձերու աճիւն: Համաձայն ռուս խաղաղապահներու հերթափոխին, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն որոնողափրկարարական աշխատանքները կը շարունակուին Երկուշաբթի օրուընէ»,մանրամասնեց Թադէոսեան: