«Արմէնփրէս».- Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի քարտուղար Աննա Նաղդալեան իր  կատարած յայտարարութեան մէջ, ուր ան անդրադարձած է Մեխակաւանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ աւերման փաստը ապացոյց  է, որ ի հեճուկս աշխարհին իբրեւ «հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան կեդրոն» ներկայանալու ջանքերուն` Ատրպէյճանը առ այսօր ամրագրած է իր դիրքը` իբրեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացումի առաջամարտիկ:

«Մեխակաւան (Ճէպրայիլ) բնակավայրի մօտ գտնուող Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնահատակ աւերումը, որ տեղի  ունեցած է շրջանին` Ատրպէճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուելէն վերջ: Այդ նոյն եկեղեցին Արցախի դէմ ատրպէյճանական վերջին յարձակումի ընթացքին  իսկ ենթարկուած էր սրբապղծումի:

Խստագոյնս դատապարտելի է Ատրպէյճանի կողմէն կրօնական ատելութեան հիմքով իրականացուած յանցագործութեան հերթական այս դէպքը: Միաժամանակ աւելի անհանգստացնող է ատրպէյճանական ղեկավար շրջանակներու կողմէն այս բարբարոսութիւնը հիմնաւորելու փորձերը ցոյց տալով, որ  վանտալիզմի այս հերթական դրսեւորումը ունեցած է միտումնաւոր բնոյթ եւ իր կազմակերպուածութեամբ կը յիշեցնէ Նախիջեւանի պատմամշակութային ժառանգութեան համակարգուած ոչնչացումը:

Վերջին պատերազմէն վերջ պաշտամունքի վայրի ոչնչացման այս դէպքը միակ դրուագը չէ: Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի 200 տարիէն աւելի պատմութիւն ունեցող «կանաչ ժամ» եկեղեցւոյ աւերումը կը փաստէ, որ ատրպէյճանական կողմէն իրականացուող մշակութային վանտալիզմը հիմնուած է միայն մէկ չափանիշի վրայ, եւ այդ չափանիշը քրիստոնեայ հայ ժողովուրդին հանդէպ ատելութիւնն է:

Ի հեճուկս աշխարհին իբրեւ «հանդուրժողականութեան եւ բազմամշակութայնութեան կեդրոն» ներկայանալու ջանքերուն` Ատրպէյճանը առ այսօր ամրագրած է իր դիրքը` իբրեւ քրիստոնէական ժառանգութեան ոչնչացման առաջամարտիկ:

Հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացումը   անգամ մը եւս ցոյց կու տայ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն` քրիստոնէական մշակութային արժէքներու պահպանման մասին հաւաստիացումներուն սին ըլլալը:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է օր առաջ միջոցներ ձեռնարկէ Ատրպէյճանի կողմէն նախորդ տարուան 27 Սեպտեմբերէն  սկսեալ եւ մինչ օրս շարունակուող յանցագործութիւնները` մշակութային ցեղասպանութեան դադրեցումի եւ դատապարտման ուղղութեամբ», ըսուած է Աննա Նաղդալեանի յայտարարութեան մէջ: