«Երկիր».- Արցախի Ազգային Ժողովը 25 Մարտին տեղի ունեցած լիագումար նիստով ընդունած է, որ  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտօնական լեզուներն են`  գրական հայերէնը եւ ռուսերէնը:

Քննարկումին  լայն առարկայ դարձած օրէնքի նախագիծը բազմաթիւ բացասական արձագանգներ  ունեցած է` զայն համարելով անտեղի քծնանք ու Արցախի հայկականութիւնը սպառնացող երեւոյթ: Քուէարկութեան օրը համահեղինակներէն Մետաքսէ Յակոբեան յայտարարած է, որ հրաժարած է համահեղինակ ըլլալէ եւ չի մասնակցիր քուէարկութեան:

Հասարակական հնչեղութիւն ստացած նախագիծի մասին Համահեղինակները միայն մէկ հանրային քննարկում  կազմակերպած էին: Հասարակութեան տարբեր շերտերու կարծիքները վեր հանելու համար կլոր-սեղան քննարկում նախաձեռնած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութիւնը: Այդ քննարկումին ներկաները յայտնած  են, որ օրինագիծը լրացուցիչ ուսումնասիրութեան կարիք ունի եւ  կարելի չէ այդ բովանդակութեամբ ընդունիլ:

Այնուհանդերձ, 27 կողմ, 2 ձեռնպահ ձայներով օրէնքի փոփոխութիւններու նախագիծը ընդունուած է: «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնը ձեռնպահ  քուէարկած է: