«Հորիզոն».-Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 25 Մարտին Քանատայի խորհրդարանի հերթական նիստի ընթացքին, ընդդիմադիր Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Մայքըլ Չոնկ Թուրքիոյ վաճառուած գանատական ռազմական սարքերու առնչութեամբ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան գերատեսչութեան կողմէ հրապարակուած փաստագրական թղթածրարը խոր մտահոգութիւն կը պատճառէ եւ հարց ուղղեց Քանատայի վարչապետ Թրուտոյի, այն մասին, թէ արդեօ՞ք կառավարութիւնը առաջնահերթութիւն կու տայ Քանատայի շահերուն եւ արժէքներուն զինական սարքերու արտահանման գծով եւ պարտաւորուած կը զգա՞յ այլեւս չկրկնելու այդ անխոհեմ քայլը: Ան հարց տուաւ նաեւ, եթէ կառավարութիւնը Թուրքիոյ ռազնական սարքեր վաճառելու սխալը ընդունելու մտադրութիւն ունի։ Պատասխանելով Մայքըլ Չոնկի հարցին, վարչապետ Թրուտօ յայտնեց, որ դաշնակցային կառավարութիւնը իրազեկ դառնալէ ետք, որ սարքերն ու գանատական գիտարուեստը կ՚օգտագործուին Արցախեան պատերազմի ընթացքին, կասեցուցած է անոնց արտահանումն ու դադրեցուցած է կազմածներու վաճառքը Թուրքիոյ։ Ան յայտնեց, որ զէնքերու վաճառքի գծով կառավարութիւնը հաշուետուութեան եւ թափանցիկութեան պարտաւորութիւնները պիտի յարգէ։ Նշենք, որ 5 Հոկտեմբեր 2020-ին, Քանատան յայտարարեց, թէ կը կասեցնէ ռազմական սարքաւորումներու մատակարարումը Թուրքիոյ: Պատերազմի ընթացքին, թրքական խոցուած անօդաչու սարքերէն մէկը կը կրէր Քանատայի Պըրլինկթըն քաղաքին մէջ գործող L3Harris Wescam ընկերութեան կողմէ արտադրուած MX-15D մակնիշով թիրախաւորող տեսողական կազմասարքը։ Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբը բազմիցս կոչ ըրած է Քանատայի կառավարութեան՝ դատապարտելու Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ բռնարարքներն ու դադրեցնել զէնքի արտահանումը: