«Ապառաժ».-24 Մարտին «Եւրոպա» հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան նախաձեռնած «Արցախն ու Ռուսաց Լեզուն» խորագիրով կլոր սեղան-քննարկում:

Հանրային քննարկումի առարկան «Լեզուի մասին» օրէնքով առաջարկուող փոփոխութիւններն էին: Հրաւիրուած էին օրէնքի համահեղինակ 3 պատգամաւորներ` Մետաքսէ Յակոբեան, Արամ Յարութիւնեան, Գագիկ Բաղունց, ԱՀ ԿԳՄՍ նախարար Լուսինէ Ղարախանեան, նոյն նախարարութեան ԱՀ Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Արտակ Ղուլեան, Արցախի մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններու անդամները, դասախօսներ, ուսուցիչներ, ուսանողներ:

Քննարկումին սակայն չէր ներկայացած ԱՀ ԿԳՄՍ նախարարը, իսկ համահեղինակներէն ներկայ էր միայն Մետաքսէ Յակոբեան:

Քննարկումը կը նախագահէր Լեռնիկ Յովհաննիսեան: Մետաքսէ Յակոբեան եւ Արտակ Ղուլեան արտայայտած են նախագիծի մասին իրենց կարծիքը, պատասխանած են ներկաներու հարցումներուն:

Քննարկումին միւս մասնակիցները եւս առիթ  ունեցած են արտայայտելու իրենց տեսակէտները:

Քննարկումին նպատակը հանրային տարբեր շերտերու կարծիքը քուէարկութեան մասնակցող պատգամաւորներուն լսելի դարձնելն էր, որովհետեւ օրէնքի նախագիծի ներկայացումէն մինչեւ սոյն օրը տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը կազմակերպուած էր ընդամէնը մէկ հանրային քննարկում: