Երկուշաբթի, 26 Հոկտեմբեր 2020-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց թրքական կողմին Արցախի սահմանին զինադադարի իրագործման եւ տագնապին բանակցութիւններու ճամբով լուծման նպաստելու:
Հայաստան երէկ շեշտեց, որ փաստացի տուեալներ ունի այն մասին, որ թրքական զինուորական ստորաբաժանումներ մասնակցեցան Արցախի դէմ Ատրպէճանի մղած զինուորական գործողութիւններուն:
«Ռուսիա Այսօր» կայքը վկայակոչելով Լաւրովին յայտարարութիւնները յայտնեց, որ Ռուսիա ներկայիս Թուրքիան կը համոզէ, որ Արցախի դէմ զինուորական գործողութիւնները կասեցնէ եւ հաստատեց, որ Ռուսիա արտաքին բոլոր կողմերուն թելադրեց չհրահրել տագնապը եւ չխրախուսել անոր զինուորական լուծումը: