4 Մայիսին առցանց Հրապարակի «Հանդիպում» հաղորդաշարին հիւրն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան:
Ան խօսած է համահայկական կառոյցներու, մասնաւորապէս Դաշնակցութեան աշխատանքներուն մէջ մարտավարական փոփոխութիւններու մասին, որոնք անհրաժեշտութիւն դարձած էին արցախեան վերջին պատերազմին եւ անոր ընթացքին ՀՀ իշխանութիւններուն դրսեւորած անճարակ կեցուածքին պատճառով:
Հրաչ Վարժապետեան անդրադարձած է նաեւ պատերազմի օրերուն եւ պատերազմէն ետք արեւմտեան երկիրներու յատկապէս Ֆրանսայի կեցուածքին, յայտնելով, որ թէեւ Ֆրանսան այդ օրերուն հանդէս եկաւ հայանպաստ յայտարարութիւններով, այդուամենայնիւ անոնք չէին կրնար բաւարարել հայ համայնքը: «Մեր աշխատանքներուն ամենադժուար եւ ամենաբարդ բաժինը, բնականաբար, պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանին հետ կապուած է: Խօսքը այլեւս միայն մեր ամէնօրեայ աշխատանքներուն մասին չէ: Նորանոր հանգամանքներ յառաջացած են ամենատարբեր ուղղութիւններով՝ քաղաքական, տնտեսական, հիմա արդէն նաեւ զինուորական: Տարբեր փոփոխութիւններ կրեցին նաեւ հայրենի իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները՝ ցաւօք սրտի վատ իմաստով», շեշտած է Հրաչ Վարժապետեան:
Խօսելով Արցախի հետագայ ճակատագիրին մասին, Հրաչ Վարժապետեան ընդգծած է. «Մենք արցախեան օրակարգով քաղաքական եւ քարոզչական մեր զէնքերը վար չենք դրած: Արցախի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ մեր աշխատանքները պէտք է շարունակենք եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ ենք: Այս օրակարգը մեզի համար կը մնայ հրատապ օրակարգ, որովհետեւ մենք կը հաւատանք, որ Արցախի փրկութեան հիմնական կէտը՝ օղակը, միջազգային ճանաչումն է»: