Ստորեւ  կը ներկայացնենք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը ՀՅԴ 130-ամեակին նուիրուած «130 տարին 130 րոպէում» առցանց հանդիսութեան (2 Մայիս 2021-ին).
Սի­րե­լի՛ հայ­րե­նա­կից­ներ,
ՀՅԴ 130-ամ­եա­կի պատ­մու­թիւնը հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան հետ ամ­բող­ջո­վին ըն­դե­լուզ­ուած է:
Իր հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջին օրե­րէն ՀՅԴ-ն առա­ջա­տար դիր­քե­րու վրայ գտն­ուած է ի պաշտ­պա­նու­թիւն իր ժո­ղո­վուր­դի դա­տին, իրա­ւունք­նե­րուն, անվ­տան­գու­թեան եւ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան…
Իր հիմ­նադ­րու­թեան առա­ջին օրե­րուն Հայ Յե­ղա­փո­խա­կան Դաշ­նակ­ցու­թիւնը ստ­րու­կի հո­գե­բա­նու­թե­նէն դուրս բե­րաւ օտար լու­ծի տակ ընկ-ճ­ուած ժո­ղո­վուր­դը եւ կեր­տեց պա­հան­ջա­տէր հա­յու­թիւն:
Ու 130 տա­րի­նե­րէ ի վեր ան յատ­կա­պէս կազ­մա­կեր­պեց ու առաջ­նոր­դեց՝
– Հայ յե­ղա­փո­խու­թիւնը 19-րդ դա­րու 90-ական­նե­րէն սկս­եալ
– Ֆի­տա­յա­կան շար­ժու­մը երկ­րի մէջ
– Հայ եկե­ղե­ցա­կան գոյ­քե­րու բռ­նագ­րաւ­ման դէմ պայ­քա­րը Արե­ւե­լա­Հա­յաս­տա­նի մէջ
– Հայ-թա­թա­րա­կան պա­տե­րազ­մին հա­յու­թեան յաղ­թա­նա­կը
– Օս­ման­եան կայս­րու­թեան Սահ­մա­նադ­րա­կան շար­ժու­մի մաս­նակ­ցու­թիւնը
– Իրա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը
– Ա. Աշ­խար­հա­մար­տի ըն­թաց­քին Կա­մա­ւո­րա­կան շար­ժու­մը
– Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած մնա­ցոր­դաց­նե­րու հա­մախմ­բու­մը եւ ապա­հո­վու­թիւնը
– 1918-ի Մա­յիս­եան փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը
– Ազատ, ան­կախ ու մի­աց­եալ հայ­րե­նի­քի տես­լա­կա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի իրա­ւունք­նե­րու ձեռք­բե­րու­մը մի­ջազ­գա­յին վե­հա­ժո­ղով­նե­րու ըն­թաց­քին եւ Սեւ­րի դաշ­նագ­րի մի­ջո­ցաւ
– Հայ վրի­ժա­ռու բա­զուկ­նե­րը՝ ցե­ղաս­պան­նե­րու Նե­մե­սիս­եան ար­դա­րա­հա­տոյ­ցը կի­րար­կե­լով
– Հայ­կա­կան նո­րաս­տեղծ Սփիւռ­քի կա­ռոյց­ներն ու դի­մա­գի­ծը, տա­րաս­փիւռ հա­յու­թեան ներշն­չե­լով յոյս եւ վճ­ռա­կա­մու­թիւն
– Բ. աշ­խար­հա­մար­տի հայ­կա­կան գե­րի­նե­րու ազա­տագ­րու­մը
– Սփիւ­ռքա­հա­յու­թեան հա­յա­կեր­տումն ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ոգիի ար­մա­տա­ւո­րու­մը
– Ազա­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան խորհր­դա­նիշ­նե­րու պաշտ­պա­նու­թիւնը հա­մայ­նա­վա­րու­թեան խա­ւա­րի տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին
– Վեր­ջին վաթ­սու­նամ­եա­կի Հայ Դա­տի քա­ղա­քա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու նոր թա­փը եւ ու­ժա­յին բուռն պայ­քա­րը
– Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի գո­յա­մար­տի մաս­նակ­ցու­թիւնը, Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­մը եւ ԼՂՀ-ի ստեղ­ծու­մը
– Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնը, ինչ­պէս նա­եւ՝ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու եւ ազ­գա­յին գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան հայ­րե­նիք վե­րա­դար­ձը
– Հայ­րե­նիք-Սփիւռք կամր­ջու­մը
– Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան կեան­քի նուիր­եալ մաս­նակ­ցու­թիւնը
– Հայ­րե­նի­քի մէջ ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան հաս­տա­տու­մը:
Իր փա­ռա­պանծ անց­եա­լի որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն, ՀՅԴ-ն այ­սօր կը հան­դի­սա­նայ այն մի­ակ հա­մա­հայ­կա­կան եւ ազ­գա­յին ազա­տագ­րա­կան պայ­քար մղող կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ հա­րե­նի­քի ու հա­յու­թեան հա­մար պայ­քար կը մղէ աշ­խար­հով մէկ: Կը մի­տի զար­գաց­նել Հա­յաս­տանն ու Ար­ցա­խը եւ ամ­րապն­դել անոնց պե­տա­կա­նու­թեանց հի­մե­րը:
Հայ Դա­տի ոլոր­տէն ներս հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­ձա­նագ­րած նուա­ճում­նե­րու առիւ­ծի բա­ժի­նը ստանձ­նած մեր կազ­մա­կեր­պու­թիւնը ար­դէն ապա­հո­ված է Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, դա­տա­պարտ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րու­թեան յաղ­թա­նակ­ներ, որուն վեր­ջին օրի­նակն է ԱՄՆ-ի նա­խա­գահ Պայ­տը­նի Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րոյ­թի օգ­տա­գոր­ծու­մը: Եւ հի­մա լծ­ուած է պա­հան­ջա­տի­րու­թեան օրի­նա­կան երես­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան գոր­ծին:
Սփիւռ­քի տա­րած­քին ու բռ­նագ­րաւ­եալ մեր հո­ղե­րու հայ հա­մայնք­նե­րու եւ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեանց իրա­ւունք­նե­րու պաշտ­պանն է ՀՅԴ-ն, որ կը պայ­քա­րի ամէ­նու­րեք անար­դա­րու­թեան եւ հա­յու­թեան իրա­ւունք­նե­րու ոտ­նա­հար­ման դէմ: Կը նե­րար­կէ նոր ուժ եւ կազ­մա­կերպ­ուա­ծու­թիւն ար­տերկ­րի մէջ եւ կը խթա­նէ հայ­րե­նիք-սփիւռք մի­աս­նու­թիւնը, հա­մոզ­ուած ըլ­լա­լով որ յանձ­նա­ռու սփիւռքն է հզօր հայ­րե­նի­քի յե­նա­րա­նը:
Եւ վեր­ջա­պէս՝ ՀՅԴ-ն մղիչ ուժն է այ­սօր, որ կը շա­րու­նա­կէ դաստ­ի­ա­րա­կել սե­րունդ­ներ որ­պէս­զի յանձ­նա­ռու իւ­րա­քան­չիւր հայ երի­տա­սարդ իր կեան­քի հիմ­նա­կան նպա­տակ­նե­րէն մէ­կը դա­սէ հայ­րե­նի­քին, ժո­ղո­վուր­դին ու դա­տին ծա­ռա­յե­լը, ամ­րօ­րէն իւ­րաց­նե­լով Սի­ա­ման­թո­յի պատ­գա­մը, որ մեր «անունն է Պայ­քար եւ վախ­ճա­նը Յաղ­թա­նակ»։
2 Մայիս 2021