Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստորագրեց 20 Յունիսին Արտահերթ Ընտրութիւն Կատարելու Մասին Հրամանագիր 10 Մայիս 2021-ին, Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ նիստ` վարչապետի ընտրութեան օրակարգով: Ինչպէս նախատեսուած էր, Ազգային ժողովը երկրորդ փուլով կրկին Նիկոլ Փաշինեանը չընտրեց վարչապետ. այսպիսով, Սահմանադրութեան համաձայն, իրաւունքի ուժով եօթերորդ գումարման Ազգային ժողովը պիտի արձակուի: Վարչապետի ընտրութեան համար հրաւիրուած յատուկ նիստին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւին առնուազն մէկ երրորդին կողմէ վարչապետի թեկնածու առաջադրուած Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ ընտրուելու անհրաժեշտ բաւարար ձայներ: Անոր թեկնածութեան թեր եւ դէմ քուէարկեցին մէկական պատգամաւորներ, 76 պատգամաւոր քուէարկեց ձեռնպահ: Վարչապետի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր 67 թեր քուէ: Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երկրորդ անգամն է, որ Ազգային ժողով կ՛արձակուի սահմանուած ժամկէտէն շուտ: 2018-ի նոյեմբերին եւս Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականէն ետք խորհրդարանը ցրուած էր նոյն ընթացակարգով: Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ նախագահ Արմէն Սարգսեան ստորագրեց 20 յունիսին Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւն կատարելու մասին հրամանագիր: «Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 92-րդ եւ 93-րդ յօդուածներու պահանջները եւ հաշուի առնելով Սահմանադրութեան 149-րդ յօդուածի 3-րդ մասին համաձայն Ազգային ժողովի` իրաւունքի ուժով արձակումը. «1.- Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւնը նշանակել 20 յունիս 2021-ին: 2.- Սոյն հրամանագիրը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման յաջորդող օրէն», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: