Չորեքշաբթի, 12 Մայիս 2021-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց Նախարար Մուհամմէտ Ճաուատ Զարիֆ Դամասկոս ժամանեց Սուրիոյ կառավարութեան եւ քաղաքական գործիչներու հետ տարածաշրջանի իրավիճակին շուրջ խորհրդակցելու համար։
Զարիֆի ընդունելութեան ներկայ էին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ Մըքտատ եւ նախարարութեան մէջ կարգ մը պատասխանատուներ։
Զարիֆ իր ուրախութիւնը յայտնեց Սուրիա գտնուելուն եւ սուրիացի բարեկամներուն հետ հանդիպելուն առիթով։ Ան յայտնեց, որ ծրագրած էր Սուրիա այցելել նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, սակայն Իսրայէլի Պաղեստինի դէմ գործած ոճիրները ամբողջ տարածաշրջանը ցնցեցին, մանաւանդ Սուրիան, որովհետեւ պաղեստինեան դիմադրութեան մէջ կարեւոր դեր ունեցող երկիրներէն մէկն է ան, հետեւաբար անհրաժեշտ նկատեցի Սուրիա այցելել եւ սուրիացի բարեկամներուն հետ խորհրդակցիլ Պաղեստինի եւ տարածաշրջանի ներկայ իրավիճակին շուրջ։
Զարիֆ աւելցուց, որ իրանեան եւ սուրիական կողմերուն միջեւ խորհրդակցութիւնները պիտի ընդգրկեն նաեւ Իրանի Սուրիոյ ժողովուրդին զօրակցելու միջոցները, վերականգնումի աշխատանքները, ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը եւ Պաղեստինի ներկայ իրավիճակը։
Իր կարգին Մըքտատ շեշտեց, որ Զարիֆի այցելութիւնը յարմար ժամանակին տեղի ունեցաւ, որովհետեւ Պաղեստինի ժողովուրդին կրած տառապանքին կողքին, արեւմտեան, ամերիկեան եւ իսրայէլեան թշնամական քաղաքականութիւնը կը սաստկանան Իրանի եւ Սուրիոյ դէմ։
Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիա եւ Իրան յաճախ գրոհի կ՚ենթարկուին պաղեստինեան դատին հանդէպ իրենց ունեցած կեցուածքին եւ Պաղեստինի ժողովուրդին աջակցելու հետեւանքով։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարին եւ Դամասկոսի մէջ Իրանի դեսպանը։