«Ապառաժ».-Շուշիի քաղաքապետի թեկնածու, ՀՅԴ անդամ Սամուէլ Աղաջանեան 30-31 Օգոստոսին հանդիպումներ  ունեցած է  Շուշիի  շարք մը մշակութային եւ կրթական օջախներու աշխատակիցներուն հետ:

Շուշի Ստեղծագործական կեդրոնի եւ  «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութեան աշխատողներուն հետ հանդիպումներուն ընթագքին Սամուէլ Աղաջանեան կարեւոր համարած  է բերդաքաղաքի արժանապատիւ ապագան կերտելու ճանապարհին մշակութային եւ զբօսաշրջային կառոյցներու բարելաւումն ու նորերու հիմնումը:

Շուշիի բնակիչները  քաղաքին մէջ առկայ փլած, լքուած շինութիւններու օգտագործման, վերանորորգման հարցերը արծարծած են: Սոյն հարցը գրաւած էր նաեւ Սամուէլ Աղաջանեանի ուշադրութիւնը, որ  ընտրուելու պարագային թեկնածուն խոստացած է հետամուտ ըլլալ հարցի լուծման: