Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 25-էն 31 Օգոստոսին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին հակառակորդը հրադադարի պահպանման համաձայնութիւնը խախտած է աւելի քան 70 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր  հրաձգային զինատեսակներէն, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է մօտաւորապէս 650 կրակոց:

Պաշտպանութեան Բանակի առաջապահ զօրամասերը կը շարունակեն խստօրէն հետեւիլ հրադադարի  պահպանման, շարունակելով մարտական հերթապահութիւնը: