Թրքական ուժերուն Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններ հրթիռակոծման հետեւանքով շրջանի բնակչութիւնը անապահով վիճակի մէջ յայտնուած է։

Գամիշլիի մեր թղթակիցին համաձայն, Ռաս ուլ Այնի մէջ կը բնակէր 10-15 հայ ընտանիք, որ երէկ թրքական կողմին սաստկացող հրթիռակոծումներուն հետեւանքով տեղափոխուած է Հասիչէ, իսկ Թել Ապիատի մէջ կը բնակէր 15 հայ ընտանիք, որ նոյնպէս երէկ տեղափոխուած է մօտակայ ապահով գիւղեր։

Գամիշլիի մէջ երէկ մինչեւ կէս գիշեր պայթիւններ եւ հրթիռակոծումներու ձայներ կը լսուէին։

Թրքական կողմը կը հրթիռակոծէր նաեւ Գամիշլիի քրտական կեդրոնները։

Հրթիռներէն մէկը ինկած էր Գամիշլիի Պշէյրիէ թաղամասի բնակարաններէն մէկուն վրայ, ուր զոհուած էին երկու քրիստոնեայ քաղաքացիներ։ Այդ թաղամասին բնակչութիւնը առժամաբար փոխադրուած է Ուսթա հայաբնակ թաղամաս, որ աւելի ապահով է։

Գամիշլիի հայկական դպրոցները այսօր փակ պահած են իրենց դռները զգուշութեան նկատառումներով։

Մեր թղթակիցին համաձայն, այսօր Գամիշլիի մէջ կացութիւնը հանդարտ է, բախումներու եւ հրթիռակոծումներու ձայներ չեն լսուիր։