Տեղական աղբիւրներ քիչ առաջ յայտնեցին, որ թրքական կողմը այսօր առաւօտ հրթիռակոծած է Ռաս ուլ Այնի արեւելեան շրջանի Նետտէս, Ալուք եւ Համիտ գիւղերը։ Զոհուած է 5, վիրաւորուած՝ 9 քաղաքացի։

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, թրքական թնդանօթներ ռմբակոծած են նաեւ Հասիչէի Ռըմէյլէն քարիւղի հիմնական դաշտին մաս կազմող Սաաիտէ քարիւղի կայանը։
Կայանը ամբողջութեամբ հրկիզուած է։