Իրա­նի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խա­րա­րու­թիւնը յայ­տա­րա­րեց, որ Իրան կը դա­տա­պար­տէ սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն ուղղութեամբ թր­քա­կան յար­ձա­կում­ներն ու Թու­րի­քոյ ապօ­րի­նի ներ­խու­ժու­մը Սուր­իա: Նա­խա­րա­րու­թիւնը շեշ­տեց  Սուր­իոյ գե­րիշ­խա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դին մի­աս­նու­թեան պահ­պան­ման  անհրաժեշ­տու­թիւնը:
Նա­խա­րա­րու­թիւնը հան­դէս եկաւ հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը, որուն մէջ յայտ­նեց, թէ իրան­եան կող­մը յոյս ու­նի, որ Սուր­իոյ մէջ խա­ղա­ղու­թեան վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մը մօ­տա­լուտ է ԱՄՆ-ի Սուր­իա­յէն դուրս գա­լու որո­շու­մին լոյ­սին տակ, միա­ժա­մա­նակ սա­կայն, մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց թր­քա­կան ու­ժե­րուն Սուր­իա ներ­խուժ­ման գծով, հաս­տա­տե­լով, որ այդ մէ­կը նիւ­թա­կան եւ մարդ­կա­յին ահա­ւոր կո­րուստ­նե­րու դուռ պի­տի բա­նայ:
 Այս առի­թով, Իրա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մու­համ­մէտ Ճաուատ Զա­րիֆ իր թուրք պաշ­տօ­նա­կից Մեւ­լուտ Չաւու­շօղլ­ուին հետ հե­ռա­ձայ­նա­յին խօ­սակ­ցու­թեան մը ըն­թաց­քին շեշ­տեց ահա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու եւ Սուր­իոյ մէջ խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու կա­րե­ւո­րու­թիւնը: