Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2019-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ յայտնեց. «Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ թրքական իշխանութիւններուն թշնամական միտումները, յայտարարութիւններն ու սուրիական սահմանին վրայ թրքական զինուորական ապօրինի վաշտերու տեղակայումը: Այս բոլորը բացայայտօրէն կը խախտեն ՄԱԿ-ի Միջազգային Ապահովութեան Խորհուրդի այն որոշումները, որոնք կարեւոր կը համարեն Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը»:
Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ, որ Էրտողանի թշնամական քաղաքականութիւնը կը բացայայտէ Թուրքիոյ սուրիական հողերուն տիրելու ախորժակը, ինչ որ երբեք արդարացի չի կրնար ըլլալ:
Նախարարութիւնը եզրափակելով ըսաւ. «Եթէ Էրտողան իր թշնամական ընթացքը շարունակէ, ինքզինք զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն շարքին մէջ պիտի դասէ, հետեւաբար Ասթանայի բանակցութիւններու հովանաւոր կողմ ըլլալու իր հանգամանքը պիտի կորսնցնէ: Ինչ որ սուրիական տագնապի քաղաքական գործընթացին մեծ հարուած պիտի հասցնէ»։