Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդին, 27 Սեպտեմբեր 2019-ին, ՀՄԸՄ-ի Դամասկոս Մասնաճիւղի Խմբապետ եղբ. Յարութ Մանուկեան խմբապետի աստիճան ստացաւ, ձեռամբ Շրջ. Խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեանի: Նոյն օրերուն, 26-27 Սեպտեմբեր 2019-ին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոս Մասնաճիւղի Վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոս Մասնաճիւղի Սկաուտ Խորհուրդին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ սկաուտական կարգերու վերաորակաւորման սեմինար, որուն հիւր դասախօսներն էին ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Սկաուտ Խորհուրդի անդամ եղբ. Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. խմբապետուհի Քոյր Թամար Աւետեան-Գատէհճեան։ 30 քոյրեր եւ եղբայրներ իրենց մասնակցութիւնը բերին երկօրեայ սեմինարին, որ ընդգրկեց սկաուտական եւ դաստիարակչական յայտագիր: Տեղի ունեցան նաեւ ներկայ սերունդը հետաքրքրող այժմէական նիւթերու շուրջ զրոյցներ: