Երեքշաբթի, 22 Հոկտեմբեր 2019-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ սուրիական բանակը մուտք գործեց Հասիչէի Թալ Թամր աւանի հարաւարեւմտեան Տպէպ գիւղը, ուր հաստատեց իր վերահսկողութեան կեդրոնները:
Նախօրօք, սուրիական բանակը մուտք գործած էր Թալ Թամրի հիւսիսարեւմտեան Քոզալիէ Շուէիշ, Նոֆալիէ, Մահալ, Պատրան, Հազզամ, Քահֆէթ ալ Մրաթի գիւղերը, ինչպէս նաեւ Հալէպի հիւսիսարեւելեան Մունպուճ արուարձանի կարգ մը գիւղեր:
Աղբիւրը աւելցուց, որ սուրիական բանակը իր վերհսկողութեան կեդրոնները հաստատեց Հասիչէ-Հալէպ միջազգային մայրուղիին վրայ: