19 Հոկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Լոս Անճըլըսի իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ անհանգստութեան, իր մահկանացուն կնքեց ազգային-հասարակական գործիչ, հրապարակախօս եւ գիրքերու հեղինակ Յակոբ Կ. Մանճիկեան: Սոյն տողերով կու գանք Աստուծմէ խնդրել, որ իր հոգին լուսաւորէ, զայն արքայութեան լոյսերուն մէջ ննջեցնէ եւ Իր մխիթարութիւնը պարգեւէ անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Յակոբ Կ. Մանճիկեանի Կենսագրական Գիծեր
Յակոբ Կարապետ Մանճիկեան ծնած է Քեսապի Գարատուրան գիւղը (Սուրիա) 1924-ին: Ան անդրանիկ զաւակն էր Հայոց Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած Կարապետ եւ Վիքթորիա Մանճիկեաններուն, եղբայրը Վահան Մանճիկեանի:
Գարատուրան գիւղի եւ Քեսապ աւանի վարժարաններուն ուսուցիչ, Այնթապի քոլէժէն շրջանաւարտ Կարապետ Մանճիկեանի տան ազգային-գաղափարական մթնոլորտին մէջ հասակ նետած, ան գիւղի ծխական վարժարանը աւարտելէ ետք կը յաճախէ եւ կ’աւարտէ Քեսապի Ուսումնասիրաց Երկրորդական վարժարանը, ապա եւ Լաթաքիոյ՝ Պուքա արուարձանի Ֆրանսական արհեստագիտական ուսումնարանը:
Աշխատանքի մղումով, ան կը մեկնի Միջին Արեւելքի զանազան քաղաքներ՝ Եաֆա (Պաղեստին), Պէյրութ, Ամման՝ տեղւոյն արհեստանոցներուն մէջ աշխատելով:
Կեանքի դժնդակ պայմանները կը ստիպեն զինք, որ լքէ ընտանեկան բոյնը մեկնելով Ամերիկա, Նիու Եորք ապա Լոս Անճըլըս, 1950- ին:
Հոն կը հաստատէ իր սեփական արհեստանոցը՝ «Արմօ Մաշին Քամփընի» ընկերութիւնը, որ կը գործէ մօտ կէս դար. այնտեղ ան յանձն կ’առնէ բարձրորակ արհեստագիտական մետաղաշինական գործեր, անջրպետանաւերու, օդանաւաշինութեան նաւաշինութեան, քարիւղարդիւնաբերութեան ընկերութիւններուն համար, մինչեւ իսկ Ամերիկեան բանակի կառոյցներու ծրագիրներու գծով, անշուշտ իր ազգային-կուսակցական ծանր յանձնառութիւններուն կողքին:
1957-ին Սուրիա այցելելով, ան կը հանդիպի կեանքի անբաժան ընկերոջ, կողակիցին՝ Քնար Ռիթա Աւետեանին, եւ անոր հետ պսակուելով կը վերադառնայ Ամերիկա (1958-ին):
Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանը հանդիսացաւ անոր ազգային կուսակցական գործերուն, ինչպէս նաեւ բանասիրական, ուսումնասիրական աշխատանքներուն բաժնեկիցը:
Կեանքը զիրենք պարգեւատրեց երեք դուստրեր՝ Թամար Մանճիկեան-Մաշիկեան, Սալբի եւ Վիքթորիա:
Ամբողջ կեանքը նուիրած է իր ազգին: Ան կանուխէն անդամակցած է Հ.Յ.Դ.-եան ու երկար տարիներ վարած անոր Լոս Անճըլըսի «Հայ Կեդրոնի» ատենապետութիւնը, գործավարութիւնը «Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Յանձնախումբին» (այժմ Հայ Դատի Յանձնախումբ):
Իր մտքին ու գրչին արգասիքն են «Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան» Լոս Անճըլըսի Մասնաճիւղի կանոնագրութիւնը (1957-ին), որուն հիմնադիրներէն մէկը հանդիսացած էր:
Սերտ գործակցութեամբ ազգային հերոս Սողմոն Թեհլիրեանի կը կազմակերպէ Հ.Յ.Դ.-եան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէութիւնը, որուն հերթապահութիւնը կը վարէ տասնեակ տարիներ:
Կը մասնակցի Հ.Յ.Դ.-եան 19-րդ ընդհանուր ժողովին:
Իր ղեկավարած յանձնախումբի ատենապետութեամբ կը կառուցուի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը (1965-ին):
Ան, նոյն ժամանակ կը հանդիսանայ հիմնադիրներէն մէկը Լոս Անճըլըսի շրջանին «Համազգայինի» եւ ՀՄԸՄ- ի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի:
Հիմնադիրն ու ղեկավարը կը հանդիսանայ Հայ Ազգային Ռատիօժամին, 1978-ին կողակիցին օժանդակութեամբ երկու տարի շարունակ պատրաստելով ամէնօրեայ յայտագրեր: 50 տարի անդադար կ’աշխատակցի «Ասպարէզ» օրաթերթին, որպէս յօդուածագիր:
1990-ին, Հ.Յ.Դ.-եան 100-ամեակին առիթով կը նախաձեռնէ ու կ’իրագործէ խմբագրութիւնն ու հրատարակութիւնը «Յուշամատեան-Ալպոմ Ատլաս» հատորներուն, առաջինը՝ 1992, երկրորդը՝ 2001-ին, իսկ առաջինին անգլերէն հրատարակութիւնը լոյսին կը բերէ 2006-ին, միշտ կողակիցին անմիջական խմբագրական օժանդակութեամբ:
Ան նախաձեռնած է թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը ՝ «Ցեղասպանութեան Յուշերու Մատենաշարին», կողակիցին հետ միասնաբար (6 հատորներ).-
• Արմէն Անոյշի՝ «Դժոխքէն Անցքը»
• Միքայէլ Շանդանճեանի՝ «Մահացու Գիշերը»
• Շահէն Տէրտէրեանի՝ «Մահուան Տողանցքը»
• Սեպուհ Ակունիի՝ «Միլիոն մը հայերս» Ջարդի Պատմութիւնը
• Արամ եւ Տիրուհի Աւետեաններու՝ (Տիկ. Քնար Ռիթա Աւետեան-Մանճիկեանի ծնողքը)՝ «Ճակատագրի Դիմադրել»
• Մ. Սալբիի՝ «Մեր Խաչը»
Ան արժանացած է.-
• ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին շնորհած «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին, իր տարած ազգանուէր գործերուն համար (2004-ին)
• ԱՄՆ-ի քոնկրէսական՝ Հաուըրտ Պըրմանի եւ Ատամ Շիֆի մեծարանքի գրութիւններուն (2005-ին եւ 2014-ին):
• Լոս Անճըլըսի քաղաքապետարանի պատուոյ հանդիսութեան, անոր Ամերիկահայ համայնքին նուիրական ծառայութեան համար:
Ընթացիկ տարուան սկիզբը անոր առողջական վիճակը վատթարացաւ: Պահելով մտքի պայծառութիւնը , ան օր ըստ օրէ հիւծեցաւ եւ կեանքը աւանդեց 19 Հոկտեմբեր 2019-ին, Լոս Անճըլըսի իր բնակարանին մէջ, շրջապատուած իր ընտանիքին անդամներով, առ յաւէտ բաժնուելով մեզմէ:
Կարօ Մանճիկեան